Որոնել

2023.03.14 Cardinale Pietro Parolin, presentazione libro Spadaro Civiltà Cattolica

Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍի միջեւ պատանդներու վերաբերեալ պայմանագիրը՝ հսկայական կարեւորութեան քայլ․ Կարդինալ Փարոլին

Պետքարտուղարը Սուրբ Աթոռի ճարտարապետական ժառանգութեան նուիրուած միջոցառումի ծիրէն ներս դրական գնահատած է Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍի համաձայնութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը «Իսրայէլի և ՀԱՄԱՍի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը զինադադարի եւ շուրջ 50 պատանդներու ազատ արձակման վերաբերեալ հսկայական կարեւորութեան քայլ» բնութագրած է՝ Սուրբ Աթոռի ճարտարապետական ​​ժառանգութեան նուիրուած միջոցառումի ծիրէն ներս իր ելոյթի ընթացքին, որ կայացաւ երեկ՝ 22 Նոյեմբերին Հռոմի մէջ։

Ըստ Ծիրանաւորի պատանդներու վերաբերեալ համաձայնութեան հարցը առանցքային է նաեւ Իսրայէլի զինուած միջամտութեան տեսանկիւնէ»։ Ուստի, «եթէ այդ խնդիրը սկսինք լուծել, յուսով ենք, որ այնուհետեւ կարող ենք հասնիլ վերջնական զինադադարի եւ Մերձաւոր Արևելքը արիւնոտած հակամարտութեան շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկի եւ խաղաղ լուծման»:

Կարդինալ Փարոլինը միջոցառումի ծիրէն ներս պատասխանեց նաեւ իրեն ուղղած որոշ հարցումներուն՝ կապուած չորեքշաբթի օր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ պաղեստինցի բանտարկեալներու եւ իսրայէլացի պատանդներու հարազատներուն տեսակցութեան հետ։

Անդրադառնալով այն հարցին, որ Պապը պաղեստինցիներու հետ հանդիպման ընթացքին իբրեւ թէ օգտագործած է «ցեղասպանութիւն» բառը՝ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարն ըսաւ.․

«Յստակ տեղեակ չեմ: Ես տեսայ հանդիպումին յաջորդած մամլոյ հաղորդագրութիւնը, սակայն ուղղակի տեղեկութիւն չի ստացայ Սրբազան Հօր հետ զրոյցի, երկխօսութեան մասին։ Անշուշտ, ցեղասպանութիւնը շատ տեխնիկական եզրոյթ է, որ կը հայի որոշակի իրավիճակներու, չգիտեմ թէ այս պարագային կարելի է խօսիլ ցեղասպանութեան մասին»:

Պետքարտուղարը իրատեսական չի համարեց, որ Քահանայապետը օգտագործած ըլլայ այդ բառը եւ կրկնեց, որ «եզրոյթը միայն որոշակի յստակ իրողութիւններու պարագային կը կիրառուի, ինչը նաև շատ յստակ հետեւանքներ ունի միջազգային մակարդակով»:

Նշենք թէ՝ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունին, արդեն իսկ պատասխանած է այդ հարցին ըսելով, որ․«Ինծի այդպիսի տեղեկութիւն չէ հասած»։

Ծիրանաւորը անդրադարձաւ նաեւ իսրայէլացի պատանդներու հարազատներէն մէկու մը «հիասթափութեան» առնչուող հարցին առ այն, որ Քահանայապետը ահաբեկչութեան մասին խօսելով՝ չէ յիշատակած ՀԱՄԱՍը եւ նշեց․ «Բոլորին գոհացնելը միշտ դժուար է։ (…) Սովորաբար, Նորին Սրբութիւնը բաւականին ընդհանուր եզրոյթներով կը խօսի: Անոնք, որոնք կ’ուզեն հասկնալ, կը հասկնան։ (…) Այդ մէկը ընդհանուր առմամբ Սուրբ Աթոռի ոճն է», բացատրեց ի վերջոյ Կարդինալ Փարոլինը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2023, 08:00