Որոնել

Հնդակաստանի մէջ Տիփավալի տօնին առիթով զարդարանքներ Հնդակաստանի մէջ Տիփավալի տօնին առիթով զարդարանքներ  (ANSA)

Կարդինալ Այուզօ պատգամով մը շնորհաւորեց Ինտուները Տիփավալի տօնին առիթով

Տիփավալի տօնին կապակցութեամբ «Խաղաղութիւնը ճշմարտութեան, արդարութեան, սիրոյ եւ ազատութեան մէջ» վերնագիրով, միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Միկէլ Անկէլ Այուզօ Կիսօ-ի ստորագրութիւնը կրող պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հրապարակուեցաւ Հնդկաստանի մէջ Տիփավալի տօնին առիթով «Խաղաղութիւնը ճշմարտութեան, արդարութեան, սիրոյ եւ ազատութեան մէջ» վերնագիրով, միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Միկէլ Անկէլ Այուզօ Կիսօ-ի ստորագրութիւնը կրող պատգամը, որուն սկիզբը ծիրանաւորը իր եւ վերատեսչութեան անունով բարի մաղթանքներ փոխանցեց յառաջիկայ 12 նոյեմբերին նշուելիք Տիփավալի տօնին կապակցութեամբ մաղթելով, որ Ամենակալը գերագոյն լոյսով լուսաւորէ բոլորին սիրտերն ու միտքերը ու օրհնէ տուները եւ խաղաղութեամբ եւ երջանկութեամբ լեցնէ բոլորին կեանքերը։

Կարդինալ Կիսօ ապա յիշելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ի «Խաղաղութիւն երկրի վրայ» շրջաբերականի 60-րդ տարեդարձը  պատգամին մէջ կիսեց ճշմարտութեան, խաղաղութեան, արդարութեան, սիրոյ եւ ազատութեան վրայ հիմնուած կարգ մը մտորումներ։

Ծիրանաւորը նշեց, թէ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին խաղաղութեան մարգարէութեան լիակատար իրականացումը կը մնայ հեռու եւ կարելի է իրականացնել լոկ ամէն կրօնքի աւանդութեան մաս կազմող մարդոց եւ կանանց ինչպէս նաեւ ընկերութեան բոլոր խաւերուն համագործակցութեան ջանքերով։

Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը, որպէս յոյսի մարգարէ համոզուած է, որ խաղաղութիւնը կարելի է կերտել, այնքան ատեն, որ անիկա հիմնուած է ճշմարտութեան, արդարութեան, սիրոյ եւ ազատութեան վրայ։ Եւ մենք մեր բոլոր ջանքերուն մէջ՝ նպաստելու համար խաղաղ աշխարհը մը կառուցման՝ օգտագործելով մեր կարողութեան բոլոր միջոցները պէտք ենք զօրացնենք խաղաղութեան այդ սիւները։ Ասոր համար, ընտանիքները առաջնորդուած իրենց ծնողաց օրինակէն, այնպէս ինչպէս կրթական եւ հաղորդակցութեան հաստատութիւնները պէտք են որ կարեւոր դեր կատարեն խաղաղութեան փափաքը ներշնչելու ինչպէս նաեւ արժանիքներ սորվեցնելու ամէն տարիքի այր մարդոց եւ կանանց մէջ, որոնք կը կերտեն խաղաղութիւնը» նշուած է պատգամի մէջ ու աւելցուած, թէ միջ կրօնական երկխօսութիւնը ունի մեծ կարողութիւն մը փոխադարձ յոյս եւ ընկերային բարեկամութիւն ստեղծելու համար միջ կրօնային հասարակութիւններուն միջեւ եւ ասոր համար միջ կրօնական երկխօսութիւնը դարձաւ« անհրաժեշտ պայման աշխարհի մէջ խաղաղութիւն կերտելու համար» (Ֆրանչիսկոս Պապ Պատգամը 23 յունիս 2018)։

Կարդինալը Այուզօ պատգամը եզրափակեց նկատել տալով որ կրօններու ու անոնց պատասխանատուներու պարտականութիւնն է ամէն ջանք թափել խրախուսելու իրենց հետեւորդները դառնալու համար անձեր, որոնց կեանքը ձեւաւորուած է ճշմարտութեամբ արդարութեամբ, սէրով եւ ազատութեամբ։

«Որպէս մեր կրօններու պատասխանատուներ եւ հաւատացեալներ, ընդհանուր համոզումով եւ մարդկութեան բարօրութեան համար ընդհանուր պատասխանատուութեան զգացումով, կրնանք մենք՝ Քրիստոնեաներս եւ Ինտուները անկեղծօրէն ամէն ջանք թափել դառնալու համար խաղաղութեան արհեստաւորներ»։ Նշուած է Տիփավալի տօնին առիթով միջ կրօնային երկխօսութեան վերատեսչութեան վերատեսուչի պատգամին մէջ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2023, 11:33