Որոնել

Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ կառավարութեան միջեւ երկկողմանի հանդիպում Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ կառավարութեան միջեւ երկկողմանի հանդիպում  (ANSA)

Յոբելինական Սուրբ տարի. Իտալիա-Սուրբ Աթոռ երկկողմանի երկրորդ հանդիպում

Վատիկանի Պետքարտուղարը տեղեկացուց, յաջորդ տարի մայիս ամիս նախատեսուած, Յոբելենական Սուրբ Տարուան նշման կոնդակի հրապարակման մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 14 նոյեմբերին, Հռոմի պատգամաւորներոն պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ կառավարութեան միջեւ երկկողմանի երկրորդը հանդիպումը, 2025 թուականին նախատեսուող Յոբելինական Սուրբ Տարուան կազմակերպութեան ընթացքը քննարկելու համար։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն, երկկողմանի հանիդպումին Իտալիոյ կողմէ ներկայ գտնուեցաւ ի շարս Իտալիոյ վարչապետ, Ճորճա Մելոնին եւ այլ նախարարներ, մինչ Սուրբ Աթոռի կողմէ ներկայ էին, Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Աւետարանումի վերատեսչութեան համա նախագահ, Գերապայծառ Ռինօ ֆիզիքելլան եւ Վատիկանեան բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններ։

Հանդիպումի օրակարգային հարցերու շարքին քննարկուեցան անվտանգութեան, առողջապահութեան, կամաւորներու ներդրման քաղաքացիական պաշտպանութեան եւ փոխադրութեան վերաբերող նիւթեր։

Յոբելինական Սուրբ Տարուան նշման կոնդակի հրապարակումը

Իտալիոյ վարչապետ, Ճորճա Մելոնիի բարի գալուստի խօսքէն ետք, կարդինալ Փիթերօ Փարոլին տեղեկացուց Յոբելինական Սուրբ Տարուան նշման կոնդակին հրապարակման մասին, որ նախատեսուած է յաջորդ տարի մայիս ամիսը, կանխելով բազմաթիւ ուխտաւորներուն կողմէ սպասումը, որոնց համար Հռոմի մէջ շինարարական աշխատանքները կը կանխատեսեն, բարի գալուստի աւելի բնակելի քաղաք։

Անվտանգութիւն, առողջապահութիւնն ու փոխադրութիւններ

Օրակարգային հարցերու շարքին էին, անվտանգութեան, առողջապահութեան, կամաւորներու ներդրման եւ համակարգման, քաղաքացիական պաշտպանութեան, փոխադրութեան ծրագիրներու յառաջխաղացումը։

Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ երկկողմանի երկրորդ հանդիպումը առիթ եղաւ կարգ մը թարմացումներու համար կարեւոր նիւթերուն վերաբերեալ, սկսեալ Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համաձայնութենէ, Սուրբ Տարի հռոմ ժամանած ուխտաւորներու վիզաներու վերաբերեալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2023, 10:14