Որոնել

«Ողորմածութեան Մայր» աղքատներու բուժարանի մէջ կամաւորներ «Ողորմածութեան Մայր» աղքատներու բուժարանի մէջ կամաւորներ 

«Ողորմութեան Մայր» բուժարանը ամբողջութեամբ կը գործէ աղքատներու միջազգային օրուան առիթով

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին կողքը գտնուող «Ողորմութեան Մայր» բուժարանի մէջ աղքատներուն մատուցուած բժշկական ծառայութիւնները բազմապատկուած են ի տես աղքատներու համաշխարհային օրուան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Աղքատներու, դիւրաբեկներու, հիւանդներու մօտիկութեան եւ քնքշութեան ի նշան եօթը տարի առաջ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խնդրանքով, Սուրբ Պետրոսի տաճարի հրապարակին կողքը հիմնուեցաւ աղքատները բուժելու համար Ողորմութեան Մայր» անունով բուժարան մը, որուն մէջ կը խնամուին աղքատները, փողոցները թափառաշրջող անտէրները եւ ուր աւելի քան 60 կամաւորներ, բժիշկներ, հիւանդապահներ անվճար աշխատանք կը տանին ի նպաստ աղքատներուն, սրբելով անոնց արցունքները ու բուժելով զանոնք տարբեր հիւանդութիւններէն։

Բուժարանի մօտակայքը անօթեւաններուն համար տրամադրուած է նաեւ ննջարան ու լոգանքի համար բաղնիքներ, ի նշան Ֆրանչիսկոս Պապին աղքատներու հանդէպ մօտիկութեան եւ քնքշութեան։

Աղքատներու նուիրուած միջազգային օրուան առթիւ, որ կը նշուի կիրակի 19 նոյեմբերին, «Ողորմութեան Մայր» բուժարանի տնօրէնի փոխանցմամբ, բուժարանին մէջ կրկնապատկուած են աղքատներու ի նպաստ բժշկական ծառայութիւնները, ուր աւելի քան 50 բժիշկները երկու հերթափոխով հոգ կը տանին աղքատներուն։

Բուժարանին մէջ կը մատուցուին բժշկական ընդահնուր քննութեան, արեան քննութեան եւ սիրտէն սկսեալ առողջապահական այլ յատուկ ծառայութիւններ։ Վերջին տարիներուն բուժարանի մէջ ամէն ամիս գրեթէ կը խնամուին աւելի քան 1500 աղքատեր։

Աղքատներու միջազգային օրուան առթիւ, Սուրբ Աթոռի բարեգործական ծառայութեան համար վերատեսչութիւնը կազմակերպած է նաեւ աղքատներու համար ճաշ, զոր ֆրանչիսկոս Պապ պիտի հիւրասիրէ Պօղոս Զ դահլիճէն ներս, Վատիկանի տաճարի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին։ Այս տարուան ճաշը նուիրուած է Իտալիոյ մէջ Հիլթոն պանդոկներու կողմէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2023, 10:04