Որոնել

Ռացինկեր մրցանակի դափնեկիրներ՝ Աստուածաբան եւ Բանասէր Փրոֆ Փապլօ Պլանքօ Սարթօ, եւ Փրոֆ Ֆրանչէսք Թոռալպա Ռացինկեր մրցանակի դափնեկիրներ՝ Աստուածաբան եւ Բանասէր Փրոֆ Փապլօ Պլանքօ Սարթօ, եւ Փրոֆ Ֆրանչէսք Թոռալպա  

«Ռացինկեր» մրցանակով կը պարգեւատրուին բանասէր եւ Աստուածաբան երկու գիտնականներ

«Ռացինկեր» քահանայապետական հիմնարկի հաղորդագրութիւնը Ռացինկեր մրցանակի տուչութեան վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Ռացինկեր» քահանայապետական հիմնարկը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, թէ յառաջիկայ 30 նոյեմբերին, Առաքելական Պալատի Ռէճիա անուան դահլիճէն ներս տեղի պիտի ունենայ 2023 թուականի Ռացինկեր մրցանակի շնորհումը։ 

Մրցանակի դափնեկիրներ են, Աստուածաբան եւ Բանասէր Փրոֆ Փապլօ Պլանքօ Սարթօ, եւ Փրոֆ Ֆրանչէսք Թոռալպա։

Մրցանակի տուչութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յետմիջօրէին ժամը 5ին, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի խորհրդածութիւններ Ժոզէֆ Ռացինկեր Պենետիտկոս ԺԶ Պապին ժառանգութեան մասին, գրեթէ անոր վախճանման մէկ տարի ետք։

Նախատեսուած է որ 30 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 8ին, սուրբ պատարագ մատուցուի Պենետիսկոս ԺԶ Պապին դիտաւորութեամբ Վատիկանի քարայրերուն մէջ։

Մինչ՝29 նոյեմբերին, յետմիջօրէին, Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ անգլերէն լեզուով գիտաժողով Benedict XVI’s Legacy”, նիւթով։

Ռացինկեր մրցանակը՝ Ժոզէֆ Ռացինկեր, Պենետիկտոս ԺԶ Վատիկանեան հիմնարկի գլխաւոր նախաձեռնութիւններէն մին է։ Ան կը շնորհուի՝ ինչպէս սահմանուած է կանոնադրութեամբ գիտնականներու, որոնք յատկանշուած են գիտական հետազօտութիւններու ներքեւ իրենց առանձնայատուկ արժանիքներով։

Վերջին տարիներուն, պարգեւատրումի շրջանակը ընդլայնուած է ներառելով քրիստոնէական ներշնչումով կիրարկուող արուեստներ։ Մրցանակի թեկնածուներու անունները կ՝առաջարկուին Սրբազան Քահանայապետին, անոնց վաւերացման համար՝ Հիմնարկի գիտական կոմիտէի կողմէ, որ կազմուած է Պապին կողմէ անուանուած 5 անդամներով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2023, 13:05