Որոնել

Guerra Medioriente - Bombardamenti israeliani sui territori palestinesi Խմբագրական

Ոչ պատերազմին եւ մօտիկութիւն բոլոր զոհերուն

Վատիկանեան լրատուամիջոցները հրատարակեցին Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն Տիար Անտրէա Թոռնիելլիի ստորագրութիւնը կրող խմբագրականը` նուիրուած Սուրբ Աթոռի պատերազմներու ընթացքին որդեգրած քաղաքականութեան, որ կը դատապարտէ պատերազմը եւ միշտ մօտ է զոհերուն։

Անտրէա Թոռնիելլի 

«Աւելի քան մէկ դարէ, Սուրբ Աթոռը, պատերազմական սպառնալիքներու վատթարացումով և աւելի ու աւելի բարդ ու կործանարար զէնքերու կիրառմամբ պայմանաւորուած աճող յայտարարութիւններով , զօրեղ կերպով իր «ոչ»-ը ըսած է պատերազմին: Պենետիկտոս ԺԵ մարգարէական կոչէն սկսեալ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի «անիմաստ սպանդին» ի դէմ, մինչեւ Ֆրանչիսկոս Պապին ամէն առիթներով հնչեցուցած խօսքերը հայող պատերազմին` որպէս մարդկութեան  պարտութիւն, Հռոմի Եպիսկոպոսներու վարդապետութիւնը յստակացուց եւ խորացուց այն գաղափարը, թէ չկան «արդար պատերազմներ» եւ, թէ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը եւս պէտք է ըլլայ համաչափ, ինչպէս կը սորվեցնէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէականը», կը գրէ Տիար Անտրէա Թորնիելլին իր հրատարակած  խմբագրականին սկիզբը մատնանշելով Ֆրանչիսկոս Պապին վերաբերմունքին ու կոչերուն, Ռուսաստանի Ուքրանիոյ դէմ յարձակումի ու վերջերս Համասի Իսրայէլի դէմ անմարդկային յարձակումի ու վերջին օրերու Իսրայէլեան հակայարձակումին ի տես։

«Վերաբերմունք, որ արդեն երկար ժամանակէ ի վեր ոմանց կողմէ սխալմամբ որակուած է որպէս «չէզոք», մտածել տալով, որ կարծես Վատիկանի մէջ, գերազանց դիւանագիտութեան պատճառով, կարելի չէ գնահատել հակամարտող կողմերու իրաւունքներն ու սխալները», կը նշէ Թոռնիելլին եւ ասկէ մեկնելով հարկաւոր կը նկատէ անգամ մը եւս յիշեցնել, որ «Սուրբ Աթոռը պատերազմներու դիմաց երբեք «չէզոք» կամ «հաւասար հեռաւորութեան վրայ» չէ եղած։ Ան ընդհակառակը, միշտ ջանացած է ըլլալ անկողմնակալ, այսինքն չերեւնալ եւ չըլլալ ներգրաւուած հակամարտութեան մէջ ու միաժամանակ ըլլալ «հաւասար կերպով մօտիկ», այսինքն մօտ` ոչ թէ անոր, որ պատերազմը կը հրահրէ, այլ անոր` որ կը տառապի, անոր` որ երկու ճակատներու վրայ կը վճարէ հակամարտութեան հետեւանքներուն գինը, սպաննուած քաղաքացիներուն, վիրաւորներուն, պատերազմի դաշտին վրայ ինկած զինուորներու հայրերուն ու մայրերուն, ահաբեկչութեան եւ վրէժխնդրութիւններու անմեղ զոհերուն»։

«Վատիկանի լրատուամիջոցները չեն կրնար չի հետևել այս նոյն խմբագրական գիծին՝ մերժելով այդ բևեռացումը, որ, ըստ երևոյթին, բնորոշ գիծ է ոչ միայն շարունակուող պատերազմներու, այլեւ ընդհանրապէս աշխարհին, որուն մէջ մենք կ՛ապրինք այսօր», կը հաստատէ Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան տնօրէնը բացատրելով. «Բաց պահել երկխօսութեան ուղիները բոլորի հետ, երբեք չփակել դռները՝ հրադադարի մը հասնելու համար, ապա՝ բանակցութիւններու` արդար խաղաղութեան հասնելու յոյսով, անհանգստանալ անմեղ զոհերուն համար, անկախ թէ որ կողմի կը պատկանին, խորհրդածել հակամարտութեան քիչ թէ շատ հեռաւոր պատճառներուն, խուսափիլ ատելութեան և սատանայացնող լեզուի օգտագործումէն, չի նշանակեր երբեք    անտեսել այն փաստը, որ կայ նախայարձակող և յարձակումի մը ենթարկուող եւ ոչ ալ անտեսել ինքնապաշտպանութեան օրինականութիւնը: Կը նշանակէ ի սիրտ ունենալ անմեղներուն ճակատագիրը, չի մարել խաղաղութեան յոյսի մռայլ լոյսը, ընկալել իւրաքանչիւր փոքր բացուածքի նշոյլ, որեւէ կողմէ` որ կու գայ, հաւատալ դիւանագիտութեան ու ամէնէն աւելին մտահոգուիլ զոհերու, խեղուածներու եւ տեղահաններու ճակատագիրով։ Կը նշանակէ նաեւ դուրս գալ բեւեռացումի եւ միակ մտքի տրամաբանութենէն»։

Թոռնիելլի ապա հարցումներ ուղղելէ ետք կը հաստատէ. «Կան հակամարտութիւններ, ուր բծատենդը չափազանց անտեղի է, և անոնց մաս կա կազմէ Մերձաւոր Արևելքի մէջ տեղի ունեցածը,  որ յառաջացած է շատ բարդ իրավիճակէ, երբ ոմանց պարտականութիւնները կը գումարուին միւսներու պարտականութիւններուն և չեն արդարացներ զանոնք»:

«Փորձելով խօսիլ շարունակուող պատերազմներու մասին և առաջարկելու խորհրդածութեան գաղափարներ, մեր փարոսը ներկայացուած է Պետրոսի ներկայիս Յաջորդի մարգարէական խօսքերով, որ կը շարունակէ նախազգուշացնել ողջ մարդկութիւնը համաշխարհային պատերազմի և ինքնաոչնչացման վտանգէն: Մենք կը փորձենք լրագրութեամբ զբաղուիլ՝ փաստերը առանձնացնելով կարծիքներէն, իսկ մեր կարծիքը ուրիշներու կարծիքներէն: Այս վերջիններուս մասին ակնարկելը, ձայն տալով անձնաւորութիւններու, որոնք մեզի հետաքրքիր կը թուան, չի ​​նշանակեր կիսել անոնց միտքը։ Այլ կը նշանակէ փորձել հասկանալ, արժեւորելով ամենաքննադատական եւ աւելիով քիչ գաղափարապաշտ ձայները»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2023, 15:00