Որոնել

Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Հարաւային Քորէայի արտգործ նախարարին հետ Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Հարաւային Քորէայի արտգործ նախարարին հետ 

Գերապայծառ Կալլակեր Հարաւային Քորէա կ՝այցելէ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 60 ամեակի առթիւ

Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան հաղորդագրութիւնը Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին հարաւային Քորէա կատարելիք այցելութեան վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հարաւային Քորէայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական կապերու 60 ամեակի առթիւ, Սուրբ Աթոռի այլ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը կ՝այցելէ Հարաւային Քորէա։

Գերապայծառ Փոլ Կալլակերի հարաւային Քորէա այցելութիւնը սկիզբ կ՝առնէ 20 նոյեմբերին եւ վերջ կը գտնէ 23 նոյեմբերին, այս մասին նշուած է Պետական քարտուղարութեան «Իքս»ի վրայ կատարած գրառումին մէջ, որուն մէջ կը նշէ, թէ այդ ճամբորդութիւնը պաշտօնական ճամբորդութիւն ըլլալով անգամ եւս բնորոշուած էեկեղեցւոյ մօտիկութեամբ՝ նոր ուժերով լեցուն Ասիական ցամաքամասին հանդէպ, որ հաւասարութիւնը փնտռելու իր մշակոյթով եւ աւանդութիւնով կրնայ նպաստել խաղաղութեան նոր ուղիներ գտնելու պատերազմներով բնորոշուած այս աշխարհի մէջ։

Քորէայի վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ պաշտօնական հանդիպումէն անդին գերապայածառ Կալլակեր ելոյթ պիտի ունենայ տարեդարձի կապակցութեամբ կազմակերպուած վեհաժողովին այն նիւթին շուրջ որ մատնանշած է Ֆրանչիսկոս Պապը , 2014 թուականին օգոստոս ամսոյն, Քորէա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ժամանակ «Ըլլալ յիշողութեան պահապանները եւ յոյսի պահապաններ» Գերապայծառը պիտի հանդիպի նաեւ դիւանագիտական անձակազմի անդամներուն հետ։

Տարբեր կրօնական միջոցառումներու շարքին, սուրբ Աթոռի այլ պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը Սուրբ Պատարագ կը մատուցանէ Seosomun, սրբավայրէն ներս այն վայրը ուր նահատակուած են Քորէացի առաջին քրիստոնեաները, 6 մայիս 1984ին, եւ սրբադասուած են ձեռամբ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին։

Ճամբորդութեան կապակցութեամբ նշուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի որ Հարաւային Քորէայի այցելութեան նպատակն է դառնալ շօշափելի նշան շարունակելու համար 60 տարիներու ընթացքին դիւանագիտական յարաբերութիւններուն ուղեւորութիւնը՝ խաղաղութեան նոր ուղիներ գծելու խիզախութեամբ, այնպէս ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ անցեալ 16 սեպտեմբերին, խնդրած է խումբ մը Քորէացի հաւատացեալներու հետ հանդիպումին ընթացքին. «Փափաքս է ձեզ հրաւիրել բացայայտելու «խաղաղութեան առաքեալներ»ու կոչումը ձեր կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս դառնալով ճանապարհի ընկերներ եւ համերաշխութեան վկաներ. դա վստահելի վկայութիւնն է որ ապագան չկառուցուիր զէնքի բռնի ուժով, այլ մօտիկութեան մեղմ ուժով»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2023, 12:39