Որոնել

Վատիկանեան պարտէզներ Վատիկանեան պարտէզներ 

Պօղոս Զ Պապէն մինչեւ Ֆրանչիսկոս Պապ բնապահպանական վարդապետութիւնը

Տուպայի մէջ COP28ին Ֆրանչիսկոս Պապի մասնակցութիւնը պատմական իրադարձութիւն մըն է։ Արդարեւ․առաջին անգամն է, որ Քահանայապետ մը ներկայ պիտի գտնուի կլիմայական փոփոխութիւններու վերաբերեալ ՄԱԿի համաժողովին։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 2013 թուականի մարտին Պապ ընտրութեան օրուընէ սկսեալ, յատուկ ուշադրութիւն վերապահած է Արարչագործութեան, աղքատներուն ու թոյլերուն պաշտպանութեան: Ասոր ապացոյցը 2015ի Յունիսին բնապահպանական եւ ընկերային հարցերուն նուիրուած Անոր «Laudato si' - Գովեալ ըլլաս» շրջաբերական նամակի հրապարակումն է, որ այս տարի Հոկտեմբերին ամբողջացաւ «Laudate Deum - Աստուած Գովաբանեցէք» Առաքելական Յորդորագիրով՝ առաւելագոյնս նպաստելով Եկեղեցւոյ բնապահպանական վարդապետութեան տարածումին։

Վարդապետութիւն, որուն արմատները պատմութեան խորքերը կը հասնին։ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի Հռոմի Քահանայապետական Angelicum​​համալսարանի փրոֆեսոր եղբայր Թովմաս Միշելէն՝ «Պապերը եւ բնապահպանութիւնը» գիրքին հեղինակը՝ ի տես Ֆրանչիսկոս Պապի Տուպայ ուղեւորութեան, Վատիկան Նիուզին հետ հարցազրոյց ունեցած է, որուն մէջ նշած է, որ Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականը մշակած է տարբեր տասնամեակներու ընթացքին արտայայտուած վարդապետութիւն»։

Պօղոս Զի կոչերը

«Բնապահպանական աղէտի» մը վտանգի վերաբերեալ առաջին յիշատակումը Քահանայապետի մը կողմէ երեւան կու գայ Պօղոս Զի ՝ 1970 թուականին ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան (FAO) ծիրէն ներս ելոյթի մէջ, որ ըստ Եղբայր Միշելէի «շրջադարձային կէտ կը դառնայ Սրբազան Քահանայապետերու վարդապետութեան մէջ՝ բնապահպանութեան սահմանումի այսօրեայ հասկացողութեան տեսանկիւնէ»:

Յովհաննէս Պօղոս Բի պատգամը

Երկու տասնամեակ անց բնապահպանութիւնը կրկին քահանայապետական վարդապետութեան առանցքը կազմեց, պայմանաւորուած Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի մէկ Յունուար 1990ին Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ կապակցութեամբ հնչեցուցած ուղերձի, որն այսօր կը դիտուի որպէս Քահանայապետի մը կողմէ ողջ աշխարհի մէջ բնապահպանութեան նուիրուած առաջին փաստաթուղթը։

«Այսօրեայ հասարակութիւնը լուծում պիտի չգտնէ բնապահպանական խնդիրին, եթէ լրջօրէն չի վերատեսէ իր ապրելակերպը: (․․․) Բնապահպանական իրավիճակի լրջութիւնը ցոյց կու տայ, թէ որքան խորն է մարդու բարոյական ճգնաժամը», գրած է Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդը։

Պենետիկտոս ԺԶն՝ կանաչ Պապ

Պենետիկտոս ԺԶ Պապը, իր հերթին, նպատակ հետապնդած է Վատիկանը դարձնել աշխարհի մէջ ջերմոցային կազերու արտանետումներու կրճատելուն ձեռնամուխ առաջին Պետութիւնը: Բնապահպանութեան հանդէպ Անոր հետաքրքրութիւնը ի յայտ եկած է 2009 թուականի Յունիսին հրապարակուած «Caritas in veritate» Յորդորագիրին մէջ, ուր կը նշուի, որ. «Շրջակայ միջավայրի խնամքի եւ պաշտպանութեան հետ կապուած հարցերն այսօր պէտք է պատշաճ կերպով հաշուի առնեն ուժանիւթային խնդիրները: Որոշ պետութիւններու, իշխանական խումբերու եւ ձեռնարկութիւններու կողմէ չվերականգնուող ուժանիւթի պաշարներու կուտակումը, ըստ էութեան, լուրջ խոչընդոտ է աղքատ երկիրներու զարգացման համար», շեշտած էԱն։

Ֆրանչիսկոս Պապի ներմուծած նորութիւնները

Ֆրանչիսկոս Պապը կը քալէ իր նախորդներու հետքերով: Եղբայր Թովմաս Միշելէի խօսքերով՝ Ֆրանչիսկոս Պապի «Գովեալ ըլլաս»ի մէջ արտայայտուած զօրեղ ընկալումն այն է, որ մոլորակը դարձած է փոքր, փխրուն էակ մարդու ձեռքերուն մէջ, որն իր արհեստագիտական առաջընթացի շնորհիւ գերհզօր դարձած է, ինչը անցեալի մէջ չկար: Իրապէս, մարդն այժմ ունի արհեստագիտական միջոցներ Երկիր մոլորակը ոչնչացնելու համար, եւ դա ակնյայտօրէն շատ բան կը փոխէ աշխարհի նկատմամբ մեր մօտեցման մէջ», եզրափակած է Սուրբ Թովմաս Աքուինացի Քահանայապետական համալսարանի փրոֆեսորը։

Վատիկանի առարկայական քայլերը

Նշենք, թէ, 6 Յուլիսի 2022 թուականին Վատիկանը պաշտօնապէս միացաւ Միաւորուած Ազգերու կազմակերպութեան Կլիմայի փոփոխութեան համաձայնագրին՝ պարտաւորուելով հասնԻլ Պենետիկտոս ԺԶի նախաձեռնած ածխածնի չէզոքացման նախագիծին:

Բացի այդ, անցեալ Նոյեմբերին Վատիկան Քաղաքի Պետութիւնը նախաձեռնած է «Բնապահպանական փոխակերպում 2030» տիտղոսը կրող ծրագիրը, որուն նպատակն է նուազեցնել պետութեան ինքնաշարժներու ջերմային կազերու արտանետումները՝ աստիճանաբար զանոնք փոխարինելով ելեկտրական ինքնաշարժներով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2023, 12:35