Որոնել

2023.08.03 Paul Richard Gallagher a Lisbona GMG intervista

Գերապայծառ Կալլակէրը Աւստրալիոյ մէջ` Սուրբ Աթոռի հետ յարաբերութիւններու յիսուն ամեակին առիթով

Ան ի միջի այլոց հանդիպումներ պիտի ունենայ Աւստրալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ ու Արեւելեան Եկեղեցիներու Խորհուրդի անդամներուն հետ, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Հայ Կաթողիկէներու հովիւ` Գերյ. Բարսեղ Թ. Ծ. Վ. Սուսանեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր` 4 նոյեմբերէն մինչեւ 10 նոյեմբեր պիտի այցելէ Աւստրալիան, Սուրբ Աթոռի եւ Աւստրալիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 50 ամեակի նշումին առիթով։ Քաղաքներու շարքին Վատիկանի դիւանագէտը պիտի այցելէ Սինտէյ- Քանպերրա, Մելպուրն եւ Փերթ` հանդիպումներ ունենալով տեղական ու ազգային իշխանութիւններուն հետ, կղերական դասին հետ հաւատացեալներուն ու բնիկ ժողովուրդներուն հետ։

Կիրակի 5 Նոյեմբերին Գերապայծառ Կալլակէրը պատարագ պիտի մատուցէ Սիտնէյի Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ իսկ 9 նոյեմբերին Մելպուրնի Սուրբ Փաթրիցիօ պազիլիքային մէջ։ Ան ապա պիտի ունենայ երկու դասախօսութիւնները մէկը Սիտնէյի «Australian Catholic University» համալսարանին մէջ ապա Փերդ քաղաքի «Notre dame University» համալսարանին մէջ։ Ան հուսկ յատուկ հանդիպումներ պիտի ունենայ Աւստրալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ ու Արեւելեան Եկեղեցիներու Խորհուրդի անդամներուն հետ, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Հայ Կաթողիկէներու հովիւ Գերյ. Բարսեղ Թ. Ծ. Վ. Սուսանեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2023, 12:39