Որոնել

Խաղաղութեան ծրագիր համագումար Խաղաղութեան ծրագիր համագումար 

Կարդինալ Փարոլին «Ուքրանիոյ մէջ Հակամարտութեան լուծում գտնելը բոլորին պատասխանատուութիւնն է»

Մալթայի մէջ գումարուած «Խաղաղութեան ծրագիր»վերտառութեամբ համագումարի առթիւ, Վատիկանի Պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին պատկերասփռուած պատգամը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Նախագահ Զելենսքիէն խնդրուած, 28-էն-29 հոկտեմբերին, Մալթայի մէջ գումարուած «Խաղաղութեան ծրագիր»վերտառութեամբ համագումարին առիթով, Վատիկանի Պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց շեշտելով, թէ հակամարտութիւնները չեն լուծուիր զէնքերով ու հրամայական է աւելի մեծ եւ ստեղծագործական յանձնարարութիւն, ապա թէ ոչ խաղաղութեան ծրագիրը կը մնայ շատ հեռու։

Կարդինալ Փարոլին յիշեց, որ Մալթայի մէջ գումարուած համագումարը նշան է տարբեր հանդիպումներուն ընթացքին ցոյց տրուած բոլոր ջանքերուն ու քաջարի է այն երեւոյթը, որ զինուած դիմակայութիւնը նկատուած չէ, որպէս բոլոր հակամարտութիւնները լուծելու համար անխուսափելի միջոց։

Կարդինալ Փարոլին նկատել տուաւ նաեւ, թէ միջազգային գետնի վրայ ողբերգութիւնը ընդունելու իրողութեան մերժումը ցոյց կու տայ, թէ լուծում գտնելը ոչ միայն լոկ Ուքրանիոյ պատասխանատուութիւն է այլեւ ընդհանուր պատասխանատուութիւն մը։

Վատիկանի Պետքարտուղարը կոչ ուղղեց բոլոր մակարդակներու վրայ աւելի մեծ եւ ստեղծագործական յանձնառութեան մը, բանալու համար ճամբաներ, որոնք ներկայիս անընդունելի եւ անհնար են ու կը միանայ այն բոլորին, որոնք արդեն կը կատարեն միջազգային կազմակերպութիւնները, «Երաշխաւորելու համար որպէսզի Ուքրանիան կարենայ պաշտպանել իր տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու իր քաղաքայիններուն անվտանգութիւնը եւ կեանքի կարեւորութիւնները ու հասնելու շատ այնքան ցանկալի խաղաղութեան։

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին շեշտեց որ «Սուրբ Աթոռը կը խնդրէ միջազգային իրաւունքը, յատուկէն ինչ որ կը վերաբերի տարածքային ամբողջականութեան հարցին, ինչպէս նաեւ աջակցիլ մարդասիրական խնդիրներուն, որոնց շարքին պարենային անվտանգութիւնը եւ բնական շրջակայ միջավայրի պահպանումը եւ յատուկէն բանտարկեալներու եւ անչափահասներուն Ուքրանիա վերադարձը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2023, 14:49