Որոնել

2023.10.07 Sinodo in preghiera per il Nagorno Karabakh - Mons Barsamian

Վատիկանի մէջ գումարուած Սիւնհոդոսի մասնակիցները աղօթեցին Արցախի համար

«Ողորմէ համայն աշխարհին և այն հողերուն, որոնք այժմ կը տառապին պատերազմներէ, անարդարութիւններէ, ցաւէ և բռնութիւններէ, յատկապէս մեր սուրբ հողերուն` Հայաստանին և Արցախին»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս ժամուն, Տէ՛ր, մենք կ՛աղօթենք այս ցնցուած և անհանգիստ աշխարհի համար: Կ՛աղօթենք Քու հետդ խաչուած անթիւ սուրբ նահատակներու բարեխօսութեամբ։ Կայունութիւն եւ Խաղաղութիւն տուր ամբողջ աշխարհին և հաստատուն պահէ քու սուրբ եկեղեցիդ, որպէսզի խառնաշփոթութիւնը հանդարտի, մեր թշնամիներու յարձակումները դադրին, և Քու սէրդ ու արդարութիւնդ տարածուի երկրի վրայ: Ողորմէ համայն աշխարհին և այն հողերուն, որոնք այժմ կը տառապին պատերազմներէ, անարդարութիւններէ, ցաւէ և բռնութիւններէ, յատկապէս մեր սուրբ հողերուն` Հայաստանին և Արցախին»:

Աղօթքն է սա` որ այսօր, 7 հոկտեմբերին բարձրացաւ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, ուր անցեալ չորեքշաբթի օրուընէ սկիզբ առած է Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի տարբեր երկիրներէն ու թեմերէն 464 ժողովականներ, որոնցմէ 365-ը սիւնհոդոսի անդամներ եւ մնացածը հիւրեր։

Հիւրերու շարքին է նաեւ Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, Արևմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ և Սուրբ Աթոռի մօտ Էջմիածնի Հայ  Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ որ շաբաթ 7 հոկտեմբերի առաւօտեան գլխաւորեց Սիւնհոդոսական նիստին բացման աղօթքը զայն նուիրելով աշխարհի մէջ խաղաղութեան և արդարութեան համար առանձնայատուկ մտահոգութեամբ Արցախ երկրին։

Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը աղօթքին մէջ յիշեց նաեւ հիւանդները, վշտացողները անօթևանները, աղքատները, գաղթականներն ու փախստականները, խոստովանողներն ու ապաշխարողները` բոլորին վրայ հայցելով Աստուծոյ ողորմութիւնը։

Աղօթքէն առաջ նոյն վայրին մէջ հնչեց նաեւ Տէր ողորմեա շարականը կատարողութեամբ Լիբանանահայ Ռիթա Քուրումելեանին, որ իր կարգին անդամ է Սիւնհոդոսին` որպէս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ աշխարհական ներկայացուցիչ, տրուած ըլլալով, որ այս տարի առաջին անգամն ըլլալով աշխարհականներուն եւս առիթ տրուած է մասնակցիլ սիւնհոդոսին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2023, 11:53