Որոնել

Մամլոյ ասուլիս Մամլոյ ասուլիս  (Vatican Media)

Սիւնհոդասականութիւն մը որ «Քլիշէ» չէ, այլ ամենօրեայ փորձառութիւն

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, Սիւնհոդոսի տեղեկատուութեան յանձնաժողովի նախագահ, Տիար Փաուլօ Ռուֆֆինիի մամլոյ ասուլիսը սիւնհոդոսի ընթացքին ընթացքին քննարկուած նիւթերու մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, Սիւնհոդոսի տեղեկատուութեան յանձնաժողովի նախագահ, Տիար Փաուլօ Ռուֆֆինին, երկուշաբթի, 16 հոկտեմբերին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ընդհանուր ակնարկ կատարեց, եկեղեցւոյ սիւնհոդասականութեան նուիրուած սիւնհոդոսի ընթացքին քննարկուած նիւթերուն։

Շաբաթ 14 հոկտեմբերին եւ երկուշաբթի 16 հոկտեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս գումարուած սիւնհոդոսի ընթացքին քննարկուած են հետեւեալ նիւթերը. «Սիւնհոդասականութեան իսկական իմաստը, տարբերութեան հարստութիւնը, մկրտուածներուն Եկեղեցիէն ներս ունեցած դերակատարութիւնը, միսիոնարական գործունէութիւնը, միջ կրօնային երկխօսութիւնն ու համամիութիւնը, կանանց դերակատարութիւնը իգական սեռի սարկաւագութեան հեռանկարով, թուային յեղաշրջումը, առանց մոռնալու աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ այն երիտասարդները, որոնք ամբողջովին հեռացած են նորարական արուեստագիտութեան օգտագործումէն», ըսաւ Տիար Փաուլօ Ռուֆֆինին աւելցնելով որ ուսումնասիրուած են նաեւ փոքրիկ խումբերու առաջին զեկոյցները ու ժողովի մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնած են Ֆրանչիսկոս Պապին Սրբուհի Թերեզային նուիրած առաքելական յորդորագիրին համար, ինչպէս նաեւ մեծ ծափահարութեամբ յիշուած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի քահանայապետ ընտրուելու տարեդարձը։

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին վկայութիւններ տուին Սրի Լանքայէն ժամանած աստուածաբան Հայր Վիմալ Թիրիմանա, յայտնելով թէ ինք Հռոմ եկած է մտածելով որ սիւնհոդոսը «Քլիշէ» մըն է, սակայն կարծիքը անմիջապէս փոխած

վկայութիւն տուաւ նաեւ Քոյս Փաթրիսիա Մուռայը գնահատելով Սիւնհոդոսի մեթոտը, որ կը կայանայ Յիսուսը կեդրոն զետեղելու եւ ուրիշները մտիկ ընելու մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2023, 10:57