Որոնել

«Սորվինք մանուկներէն» ձեռնարկը «Սորվինք մանուկներէն» ձեռնարկը 

Մանուկներն ու խաղաղութիւն։ Վատիկանի մէջ մեծ հանդիպում նոյեմբերի սկիզբը

Աշխարհի տարբերէ վայրերէն ժամանած աւելի քան 6 հազար մանուկները Վատիկանի մէջ պիտի մասնակցին Մանուկներու նուիրուած ձեռնարկին՝ կազմակերպուած Սուրբ Աթոռի մշակոյթի եւ Կրթութեան վերատեսչութեան կողմէ
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 6 նոյեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ներկայութեամբ, աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած հազարաւոր մանուկներ պիտի մասնակցին, «Սորվինք մանուկներէն» վերնագիրով ձեռնարկին, որուն մասին Սրբազան Հայրը արդեն յայտարարած էր անցեալ 1 հոկտեմբերին, կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին խորհրդածութեան աւարտին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տեղեկացուեցաւ, որ վերոյիշեալ մանուկներու ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 7էն 12 տարեկան աւելի քան 6000 մանուկներ։ Հանդիպումին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ պիտի պատասխանէ մանուկներուն իրեն ուղղուած հարցումներուն։

Մեծ երազելու, խաղաղութեան մասին երազելու կարեւորութիւնը

Սուրբ Աթոռի մշակոյթի եւ կրթութեան վերատեսչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Վատիկանի մէջ մանուկներուն հաւաքին մասին մամլոյ ասուլիսին զրուցեց նաեւ վերոյիշեալ վերատեսչութեան վերատեսուչ Կարդինալ Խօսքէ Թոլենթինօ Տէ Մէնտոնքա։ Ան ելոյթին մէջ վերյիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին յաճախ կրկնած խօսքերը, որոնց մէջ կ՝ընդգծուի երազներուն կարեւորութիւնը քանի, որ անոնք լայն կը պահեն մեր հայեացքը, երիտասարդներուն երազներու կարեւորութիւնը ու ամէն ինչ կատարել այդ երազները իրականութիւն դարձնելու համար։ «Այսօր պատերազմները մեզմէ բոլորէս կը խնդրեն քաջութիւն, երազելու քաջութիւնը եւ նուաճելու խաղաղութիւնը։Մանուկներէն սորվինք այդ քաջութիւնը ունենալ», ըսաւ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ։

Վատիկանի մէջ կազմակերպուած մանուկներու նուիրուած օրը սկիզբը պիտի առնէ կէսօրին Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ, Սուրբ Պետրոսի դամբարանի մօտ կազմակերպուած աղօթքով։ Ապա ժամը 2-ին, Պօղոս Զ դահլիճէն ներս Վիեթնամէն, Աւստրիայէն, Ամազոնիայէն, Պրազիլէն, Պենինէ եւ Իտալիայէն ժամանած մանուկներ հանդէս պիտի գան վկայութիւններով ու երգեցողութիւններով։

Ժամը 15,30ին, Հանդիպումին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ իր սիրտի խօսքը ուղղելէ ետք պիտի պատասխանէ մանուկներու հարցումներուն։

Սան Էճիտիոյ հասարակութեան նախագահ, Մարքօ Իմփալիացցօ, մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տեղեկացուց, որ Սան էճիտիօ Հասարակութեան գլխաւորած երիտասարդներու պատուիրակութիւնը կազմուած է նոր Իտալացիներէն այսինքն գաղթականներու զաւակներէն ու հանիդպումի պիտի մասնակցին նաեւ մարդասիրական միջանցքով Իտալիա հասած գաղթականներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2023, 09:59