Որոնել

2023.10.11 Sinodo dei Vescovi - Circoli Minori

Սիւնհոդոսական հայրերուն Խաղաղութեան համար աղօթքը

Աղօթքը վարեցին Քաղդէացիներու Պատրիարք` Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն եւ Ֆոքոլարինի Շարժումի նախագահ Մարկարէթ Քարրամը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` 12 հոկտեմբեր 2023ի առաւօտեան, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գումարուած Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսականութեան մասին սիւնհոդոսի մասնակցողները իրենց առաւօտեան աղօթքը նուիրեցին աշխարհի մէջ խաղաղութեան։

Աղօթքը գլխաւորեց Բաբելոնի Քաղդէացիներու Պատրիարք Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն եւ Ֆոքոլարինի շարժումի նախագահ Մարկարէթ Քարրամը։

Աղօթքին սկիզբը Կարդինալ Սաքոն նշեց` թէ իր փափաքն է այսօր աղօթել աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար ու յատկապէս Սուրբ Երկրի եւ Ուքրանիոյ մէջ։

«Իրաքի, Իրանի, Լիբանանի մէջ բռնութիւնները, մարդիկ յոյսով կը սպասեն ապրիլ արժանապատւութեամբ եղբայրութեան մէջ եւ ոչ մշտապէս վախի ու մտահոգութեան մէջ», ըսաւ Կարդինալ Սաքոն աւելցնելով, որ սիւնհոդոսականաութիւնը կը նշանակէ նաեւ զօրակցութիւն բոլոր անոնց` որոնք վախի մէջ են ու կը տառապին»։

Պատրիարքին խօսքերէն ետքը Մարկարէթ Քարրամը արտասանեց հետեւեալ աղօթքը.

«Տէր քեզի կ՛աղօթենք Սուրբ Երկրին համար, Իսրայէլի ու Պաղեստինի ժողովուրդներուն համար, որոնք կը գտնուին աննախադէպ բռնութեան ճիրաններուն մէջ, զոհերուն ու յատկապէս մանուկներուն համար, վիրաւոր անձանց, պատանդներուն համար, անհետ կորածներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար։ Տագնապներու և անձկութեան այս ժամերուն միացնենք մեր ձայնը Քահանայապետի ձայնին և ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութիւն հայցող անձանց միասնական խմբային աղօթքին։

Յիշենք Միջին Արեւելքի միւս երկիրները եւ պատերազմի մէջ գտնուող բոլոր Երկիրները, որոնք կ՛ապրին սարսափն ու կործանումը։ Օգնէ մեզի Տէր, որպէսզի յանձնառու ըլլանք կառուցելու աւելի եղբայրական աշխարհ մը, որպէսզի այս ժողովուրդներն ու բոլոր անոնք` որոնք կ՛ապրին հակամարտութեան, անկայունութեան ու բռնութեան պայմանները կարողանան գտնել մարդկային իրաւունքներու յարգանքին ճանապարհը, ուր արդարութիւնը, երկխօսութիւնը եւ հաշտութիւնը անհրաժեշտ գործիքներ են կառուցելու համար խաղաղութիւնը։ Քեզի կ՛աղօթենք ով Տէր։

Այս աղօթքին հետեւեցաւ Կարդինալ Սաքոյին եզրափակիչ օրհնաբանութիւնը. «Ով Աստուած, դուն որ կը հոգաս բոլորին, այնպէս ըրէ, որ համայն մարդկութիւնը, որ քեզմէ ընդունած է միակ ծագումը, կազմէ միակ ընտանիք մը, առանց բռնութիւններու, առանց անհեթեթ պատերազմի ու եղբայրական հոգիով ապրի միացած խաղաղութեան ու հաշտութեան մէջ, ի Տէր Յիսուս Քրիստոս, Քու Միածին Որդիդ, որ է Աստուած, եւ կենդանի է ու կը թագաւորէ Քու հետդ Սուրբ Հոգիի միութեան մէջ յաւիտեանս յաւիտենինց։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2023, 10:30