Որոնել

Future Cardinals meet media ahead of the Consistory at the Vatican to create new cardinals

Կարդինալ Փիցցապալլա` Սուրբ Երկրի խաղաղութեան համար պահքի եւ աղօթքի օրը նշան է միութեան

Սուրբ Երկրի համար աղօթքի ու ծոմապահութեան նախօրէին Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք Գերերջանիկ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլան, լրագրողներուն հետ ունեցած հերակապ զրոյցի մը ընթացքին, մեծ մտահոգութիւն արտայայտեց տարածաշրջանի մէջ հակամարտութեան ընդլայնման կապակցութեամբ ու յատկապէս Կազայի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Երկրի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին 17 հոկտեմբերը յայտարարած է աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր` Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան համար, որուն առնչութեամբ անցեալ կիրակի օր, Մարեմաեն աղօթքի ընթացքին, կոչ ուղղած էր նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, բոլոր հաւատացեալներէն խնդրելով որ աղօթքով միանան Սուրբ Երկրի Եկեղեցւոյ։

Աղօթքի ու ծոմապահութեան օր

Այս աղօթքի ու ծոմապահութեան նախօրէին վերջերս Կարդինալական տիտղոսին արժանացող Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք Գերերջանիկ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլան, լրագրողներուն հետ ունեցած հերակապ զրոյցի մը ընթացքին, մեծ մտահոգութիւն արտայայտեց տարածաշրջանի մէջ հակամարտութեան ընդլայնման կապակցութեամբ ու յատկապէս Կազայի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին համար։

Քրիստոնեայ համայն հասարակութեան միութեան գեղեցիկ նշան

Ան աղօթքի այս օրը համարեց «քրիստոնեայ համայն հասարակութեան միութեան գեղեցիկ նշան», դատապարտելով անցեալ շաբաթ օր Համասի կողմէ գործադրուած «բարբարոսութիւնները» ու միեւնոյն ժամանակ մտահոգութիւն արտայայտելով Կազայի մէջ ապրուած ճգնաժամին, ուր «երկու միլիոն անձինք շրջափակումի մէջ են», որոնցմէ հազար հոգի կը գտնուի եկեղեցական կեդրոններուն մէջ, յայտնեց Ան։

«Մենք անոնց  թողած ենք` իրենց ազատ կամքին, մեկնիլ կամ մնալ։ Անոնցմէ շատեր չեն ուզեր լքել իրենց տուները եւ հեռանալ, մտածելով թէ այլուր իրավիճակը աւելի ծանր է։ Միւս կողմէ անոնք չեն գիտեր ուր երթալ եւ Ռաֆայի հետ սահմանը փակ է» ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Փիցցապալլան պատմելով նաեւ, թէ ինչպէս Կազայի մէջ սննդեղէնը սկսած է պակսիլ, թէեւ Եկեղեցին իր միջոցներով ու մարդասիրական կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցելով ամէն ջանք կը դափէ այնտեղ հասցնելու դեղորայք, սննդեղէն, ջուր, վառելանիւթ եւ այլն...։

Սուրբ Աթոռը պատրաստ է խաղալու միջնորդի դերը

«Մենք կը փորձենք նաեւ պնդել` որ բացուին մարդասիրական միջանցքներ` առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու ներդրման համար» յարեց Լատին Եկեղեցւոյ Պատրիարքը, որ ապա «Սուրբ Աթոռի կողմէ միջնորդութեան համար առիթ կայ» հարցումին պատասխանեց, որ` Սուրբ Աթոռը տրամադիր է այս մէկը կատարելու, մասնաւորապէս պատանդներու տուն վերադարձի գործընթացով...., բայց շատ դժուար է, որովհետեւ միջնորդութիւն կատարելու համար պէտք է ունենանք զրուցակիցներ եւ այժմ զանոնք գտնելը շատ դժուար է։ Համասի հետ խօսիլը անկարելի է» ըսաւ Ան հուսկ պատրաստակամութիւն յայտնեց իր կեանք տալու եւ առեւանգուած մանուկներուն փոխարէն ինք պատանդ դառնալու Համասի ձեռքերուն մէջ։ «Եթէ այս մէկը կարող է իրենց տունը վերադարձնել մանուկները ես ոչ մէկ արգելք ունիմ։ Պատրաստ եմ այդ մէկը կատարելու» ըսաւ Կարդինալ Փիցցապալլան, շեշտելով, որ հարկաւոր է ելքի ճամբայ մը գտնել ու նաեւ ձեւ մը` որպէսզի պատանդները դառնան իրենց տուները։ Մենք պէտք է անպայման այս մէկը կատարենք ապա թէ ոչ շատ դժուար պիտի ըլլայ այս զարգացումները կասեցնելը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2023, 07:30