Որոնել

2023.10.15 Parolin ambasciatore Palestin Issa Kassissieh

Կարդինալ Փարոլինը այցելած է Սուրբ Աթոռի մօտ Պաղեստինի դեսպանատուն

Պետական քարտուղարը անգամ մը եւս վերահաստատեց Համասի ահաբեկչական յարձակումին դատապարտումը եւ պատանդներու բերումով Սուրբ Աթոռին մտահոգութիւնը

Վատիկան Նիուզ

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, այսօր առաւօտեան այցելեց Սուրբ Աթոռի մօտ Պաղեստինի դեսպանութիւնը, ուր վերանորոգեց Համասի ահաբեկչական յարձակումի նկատմամբ դատապարտումը եւ պատանդներուն համար խոր մտահոգութիւնը։

Ան վերահաստատեց` թէ տեղի ունեցածը չի նպաստեր խաղաղութեան հաստատումին ու հաւաստիացուց թէ Սուրբ Աթոռին համար Պաղեստինի ժողովուրդին օրինական ձգտումները ներկայացուած են Պաղեստինի Պետութեան մէջ։ Ի վերջոյ, Ան յայտնեց Սուրբ Աթոռին անհանգստութիւնը Կազայի մարդասիրական իրավիճակին ի տես։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2023, 14:00