Որոնել

2021.11.23 albero San Pietro 2

Սուրբ Ծնունդը Վատիկանի մէջ․ Մսուրը՝ Ռէաթինա հովիտէն է, Տօնածառը՝ Իտալիոյ Քունէօ շրջանէն

Այս տարուայ Սուրբ Մսուրը կը յիշատակէ Կրեչչոյի մէջ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Սուրբ Ծննդեան առաջին մսուրի 800ամեակը: Մինչ եղեւնիին զարդարումը ոգեշնչուած է Laudato Si' շրջաբերականէն:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 9 Դեկտեմբերին, ժամը 17:00ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ պիտի կատարուի Սուրբ Մսուրի բացումը եւ Տօնածառի լուսաւորումը։ Արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ Վատիկան Պետութեան Կառավարչատան նախագահ կարդինալ Ֆերնանտօ Վերկես Ալզական, ներկայութեամբ՝ նոյն Կառավարչատան ընդհանուր քարտուղար քոյր Ռաֆֆաելլա Փեթրինիի։

Այս տարի Մսուրը նուիրուած է Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի կողմէ կառուցած առաջին մսուրի 800ամեակին, եւ նպատակ ունի վերակենդանացնել Սուրբ Ծննդեան այն մթնոլորտը, որ Սուրբ Ֆրանչիսկոս ապրած էր Սուրբ Երկիր կատարած ուղևորութեան ընթացքին եւ որ Իտալիա վերադառնալով խնդրած էր ոգեկոչել Յիսուսի ծնունդը Բեթղեհէմը յիշեցնող Կրեչչօ գիւղաքաղաքին մէջ, ուր ալ 1223 թուականին կառուցած էր առաջին մսուրը։

Այս տարուան Մսուրը նուէրն է Իտալիոյ Ռիեթիի թեմի Ռէաթինա հովիտի։ Աշխատանքը հեղինակած է խճանկարիչ Ալեսսանտրօ Սերենա Տի Սպիլիմպերկոն: Վատիկանէն ետք ան մշտական ցուցադրութեան համար կը տեղափոխուի Ռիեթի քաղաք։

Մսուրին մէջ զետեղուած պիտի ըլլան նաեւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի եւ Սրբուհի Քիարայի արձանները։ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը ձեռքերը բաց ծունկի եկած Մանուկ Յիսուսին ոտքին։ Մանուկէն կը բխի կապոյտ շող մը ուղղուած դէպի Ֆրանչիսկոս որ, ըստ, արուեստագէտին, կը ներկայացնէ կենաքի ակնաղբիւրը։

Նշենք, որ Սուրբ Պետրոսի հրապարակէն զատ Սուրբ Ծնունդը պիտի ներկայացուի Սուրբ Պօղոս Զ դահլիճին մէջ։

Մինչդեռ 25 մետրանոց եղեւնին նուէրն է Քունէօ շրջանի Մաքրա գիւղաքաղաքին՝ Սալուցոյի թեմ։ Այս անգամ Տօնածառի առանձնայատկութիւնը զարդարանքներուն կը վերաբերի, որ ոգեշնչուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի՝ հասարակաց տան խնամքին հայող «Laudato Si'» շրջաբերականէն․ ան պիտի զարդարուի ալպիական աստղ կոչուող ձիւնաճերմակ ծաղիկներով, որոնք նուիրած է «Piumatto della Edelweiss di Villar San Costanzo» ընկերութիւնը։ Խիստ կլիմայական միջավայրի հանդէպ շատ դիմացկուն այդ ծաղիկները բնականօրէն կ’աճին ծովի մակարդակէն 1800 մետր բարձրութեան վրայ, սակայն Ընկերութիւնը, որուն հոգեհարազատ է շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը, կը զբաղի այդ ծաղիկներու մշակմամբ հարթավայրերու մէջ՝ այդպիսով խուսափելով վնաս հասցնելու անոնց բնական միջավայրին եւ պաշտպանելով լեռներուն յատուկ բուսական աշխարհը:

Մսուրը եւ Տօնածառը պիտի մնան հրապարակին վրայ մինչեւ Քրիստոսի մկրտութեան տօնը՝ կիրակի, 2024ի յունուար 7ը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2023, 12:34