Որոնել

2021.11.30 Card Parolin ingtervista viaggio Grecia Cipro

Փարոլին. Իսրայէլի դէմ յարձակումը անմարդկային էր, օրինական պաշտպանութիւնը թող չի հարուածէ խաղաղ բնակիչները

Վատիկանի լրատուամիջոցները զրոյց ունեցան Վատիկանի Պետական Քարտուղարին հետ. Առաջնահերթութիւնը պատանդներուն ազատագրումն է։ Սուրբ Աթոռը պատրաստ է անհրաժեշտ որեւէ միջնորդութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Խմբագրական կազմերու ընդհանուր տնօրէն` Տիար Անտրէա Թոռնիելլի եւ Օսսերավաթորէ Ռոմանօ Օրաթերթի լրագրող Ռոպերթօ Չեթերա, ի տես Իսրայէլի մէջ բռնկած հակամարտութեան, զրոյց ունեցան Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն ընթացքին Ան հաւաստիացուց` որ Սուրբ Աթոռը միշտ պատրաստ է ir միջնորդութեան դերը կատարելու։

Ծիրանաւորը անմարդկային նկատեց վեց օր առաջ Համասի կողմէ Իսրայէլի դէմ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումը եւ վերանորոգեց Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը` ազատ արձակելու պատանդները։ Փարոլինին կոչը եղաւ նաեւ համաչափութեիւն ցուցաբերել Իսրայէլի օրինական պաշտպանութեան հարցին մէջ, մտահոգութիւն արտայայտելով Կազայի դէմ ռմբակոծումներուն հետեւանքով անմեղ քաղաքացի զոհերուն նկատմամբ ապա հաստատեց, որ իսկական խաղաղութիւն մը ձեռք բերելու համար, որ ըլլայ իսկապէս արդար, հարկաւոր է երկու Պետութիւններու լուծումը, որ «Իսրայէլացիներուն ու Պաղեստինցիներուն թոյլ տայ ապրիլ կողք կողքի, խաղաղութեան և անվտանգութեան մէջ»:

Յարձակումը տմարդկային էր, բայց օրինական պաշտպանութիւնը եւս պէտք է յարգէ համաչափութեան չափանիշը

Այն հարցումին թէ արդեօ՞ք տակաւին տեղ կայ վատագոյնէն խուսափելու համար, Կարդինալ Փարոլինը նշեց, թէ անցեալ շաբաթ օրուայ յարձակումը «տմարդկային էր», որուն կապակցութեամբ Սուրբ Աթոռը կը յայտնէ իր վճռակամ դատապարտումը։

«Մենք մտահոգ ենք նաեւ Կազայի մէջ պատանդ բռնուած մարդոց, կիներու եւ տարեցներու ճակատագիրին համար, ու մօտիկութիւն կ՛արտայայտենք թիրախ դարձած ընտանիքներուն, որոնց մեծամասնութիւնը հրեայ են, ու կ՛աղօթենք անոնց համար ու նաեւ վիրաւորներուն համար» ըսաւ հարցազրոյցի ընթացքին Կարդինալ Փարոլինը աւելցնելով` որ «անհրաժեշտ է վերագտնել բանականութեան իմաստը, հրաժարիլ ատելութեան կոյր տրամաբանութենէն ու մերժել բռնութիւնը` որպէս լուծում»։

«Յարձակումի թիրախին իրաւունքն է պաշտպանուիլ, բայց օրինական պաշտպանութիւնը եւս պէտք է յարգէ համաչափութեան չափանիշը», նշեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը ակնարկելով «երկխօսութեան» կարելիութեան, խուսափելու համար այլ արիւնահեղութենէն, այնպէս ինչպէս կը պատահի Կազայի մէջ, «ուր կան բազմաթիւ անմեղ զոհեր` իսրայէլեան բանակի յարձակումին հետեւանքով»։

Խաղաղութիւնը կը կառուցուի արդարութեան վրայ

Մատնանշելով Քահանայապետին խօսքին թէ խաղաղութիւնը կը կառուցուի արդարութեան վրայ Կարդինալ Փարոլինը` Սուրբ Երկրի մէջ արդարութեան վրայ կառուցուած խաղաղութեան լուծումը առաջարկեց «երկու Պետութիւններ լուծումին մէջ», որ ըսաւ Ան «թոյլ կու տայ Իսրայէլացիներուն ու Պաղեստինցիներուն ապրիլ կողք կողքի, խաղաղութեան և անվտանգութեան մէջ»:

«Այս լուծումը նախատեսուած է Միջազգային Հասարակութեան կողմէ եւ Սուրբ Աթոռը համոզուած է, որ այդ է ճանապարհը», նկատել տուաւ Ծիրանաւորը, որ ապա շեշտեց. «Արդար է ազատ արձակել պատանդները», եւ նորոգեց այդ ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը։ Ապա արդար նկատեց նաեւ որ Իսրայէլը դիմէ ինքնապաշտպանութեան, «բայց վտանգի տակ պէտք չէ դնէ Կազայի բնակիչները» զգուշացուց Ան։

«Արդար է եւ անհրաժեշտ է, որ մարդասիրական իրաւունքը լիապէս յարգուի, այս եւ այլ հակամարտութիւններուն մէջ» պնդեց հուսկ Սուրբ Աթոռի Դիւանագիտութեան Պետը։

Պատանդներու ազատագրումը եւ Կազայի մէջ անմեղ բնակչութեան պաշտպանութիւնը բոլորի մտահոգութիւն

Կարդինալ Փարոլինը հուսկ նշեց, որ պատանդներու ազատագրումը եւ Կազայի անմեղ բնակչութեան պաշտպանութիւնը մեր բոլորիս մտահոգութեան կիզակէտն են։

«Սուրբ Աթոռը պատրաստ է որեւէ անհրաժեշտ միջնորդութեան» յարեց Ան մատնանշելով, թէ որեւէ միջնորդութիւն «պէտք է նկատի ունենայ շարք մը տարրեր, որոնք խնդիրը կը բարդացնեն, ինչպէս օրինակ՝ իսրայէլական վերաբնակեցման հարցը, Երուսաղէմ քաղաքի անվտանգութեան ու առանցքի հարցը»։

«Լուծումը կարելի է գտնել Պաղեստինցիներու եւ Իսրայէլացիներու միջեւ ուղիղ երկխօսութեան միջոցաւ, որ պէտք է քաջալերուի Միջազգային հասարակութեան կողմէ, նոյնիսկ եթէ այժմ այս բոլորը դժուար կը թուայ» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը որուն ուղղուած վերջին հարցումը Սուրբ Երկրի մէջ ապրող քրիստոնեայ հասարակութեան մասին էր, որուն առնչութեամբ Ան նախ աղօթք խնդրեց ապա «հոգեւոր եւ նիւթական օժանդակութիւն»։

Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հասարակութիւնը

«Քրիստոնեաները հիմնական մաս են այն երկրին ուր ծնաւ, ապրեցաւ, մահացաւ ու յարութիւն առաւ Յիսուս», ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը հաստատելով` որ «ոչ մէկը կարող է ոչ Պաղեստինը եւ ոչ ալ Իսրայէլը մտածել առանց քրիստոնեաներու ներկայութեան, որոնք այնտեղ են ի սկզբանէ»։

«Այժմ Կազայի քրիստոնեայ փոքր համայնքը որ կազմուած 150 ընտանիքներէ մեծապէս կը տառապի։ Եւ երբ անդամ մը կը տառապի համայն Եկեղեցին է, որ կը տառապի անոր հետ։ Մենք գիտենք թէ անոնք համախմբուած են ժողովրդապետութեան մէջ։ Ժողովրդապետը չի կարողացաւ վերադառնալ իր ծուխը եւ այժմ կը գտնուի Բեթղեհէմի մէջ։ Ամէն բան կանգ առած է, անշարժ է, կարծես գտնուէր վախի եւ զայրոյթի ճիրաններուն մէջ։

«Աղօթենք իսրայէլացիներուն համար, աղօթենք պաղեստինցիներուն համար, աղօթենք քրիստոնեաներուն, հրեաներուն ու իսլամներուն համար» ըսաւ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը, կրկնելով Սաղմոսերգուին խօսքերը` ( Սաղմոս 122). «Խաղաղութիւն հայցեցէք Երուսաղէմին...»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2023, 13:05