Որոնել

2023.10.13 Sinodo dei Vescovi - VIII Congregazione Generale

Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսականութեան մասին սիւնհոդոսը կը շարունակէ իր աշխատանքները

Նախ քան աշխատանքային նիստերու մեկնարկը Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ պատարագ զոր մատուցեց Քինշասային Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պեզենկուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 13 հոկտեմբերի առաւօտեան անցեալ 4 հոկտեմբերին սկիզբ առած Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսականութեան նիւթին նուիրուած սիւնհոդոսը աշխուժ կերպով կը շարունակէ իր աշխատանքները, աղօթքի, հանդիպումներու ու նաեւ ուխտագնացութիւններու կազմակերպութեամբ եւ այսօր առաւօտեան աշխատանքային նիստերը անցան նոր փուլ` Ը նստաշրջան, Սիւնհոդոսի ընդհանուր Զեկուցող Կարդինալ Հոլլէրիխի Աշխատանքային Թղթածրարի «B2» բաժնի ներկայացումով` որուն նիւթն է «Առաքելութեան մէջ համապատասխանատուութիւնը, ինչպէս բաժնեկցիլ շնորհապարգեւները եւ պարտականութիւնները Աւետարանի ծառայութեան մէջ»։ Սիւնհոդոսական նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Քինշասայի Արքեպ. Կարդինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պեզենկօ
Քինշասայի Արքեպ. Կարդինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պեզենկօ

Իսկ առաւօտուն նախ աշխատանքային նիստերու մեկնարկը Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ պատարագ զոր մատոյց Քինշասային Արքեպիսկոպոսը Կարդինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պեզենկուն, որ այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ նշեց` թէ չարին դէմ կարելի է պայքարիլ «Սիւնհոդոսականութեան զէնքերով, որոնք «կը պահանջեն միութիւն, միասին քալելը եւ աղօթքի մէջ զատորոշումը» ։

Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ
Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ

Յայտնենք` որ ընդհանուր նիստէն ետքը որուն ընթացքին կը ներկայացուի քննարկուելիք կեդրոնական նիւթը, տեղի կ՛ունենան լեզուական փոքր խումբերու նիստերը, որոնց ընթացքին ժողովականները այդ փոքր խումբերուն մէջ կը քննարկեն ներկայացուցած նիւթը եւ ապա այնտեղէն բխած տարբեր առաջարկները կը ներկայացնեն յաջորդ ընդհանուր հաւատքի ընթացքին, որմէ ետք յատուկ յանձնախումբ մը, զանոնք կ՛ամփոփէ ու կը ներկայացնէ Սիւնհոդոսի Քարտուղարութեան։

Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսի նիստ
Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսի նիստ

Ուխտագնացութիւն դէպի քրիստոնէական արմատները՝ գետնադամբանները

Յայտնենք որ երէկ` 12 հոկտեմբերին, սիւնհոդոսին մասնակիցները, Կարդինալները, եպիսկոպոսները, կրօնաւորները, աշխարականները ուխտագնացութիւն կատարեցին դէպի քրիստոնէական արմատները՝ Հռոմի գետնադամբանները ուր անոնք առիթը ունեցան այցելելու երրորդ եւ չորրորդ դարերուն քահանայապետերուն դամբարանները, ուր տեղի ունեցաւ աղօթքի, յիշողութեան եւ պատմութեան պահեր, Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի տարեդարձին երկրորդ օրուան շուքին ներքեւ։

Սիւնհոդոսի հայրերը յիշեցին նաեւ, 16 նոյեմբեր 1965ին, Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովին ընթացքին հայրապետներուն կողմէ ստորագրուած գետնադամբարաններուն համաձայնագիրը, այսինքն այն դաշնագիրը որով եպիսկոպոսներն ու քահանաները պարտականութիւն ունին ստեղծելու «աղքատ եկեղեցի»՝ զերծ իշխանութեան բոլոր խորհրդանիշերէն, որպէսզի աղքատները դառնան հովուական ծառայութեան կեդրոն։

Գետնադամբարաններու այցելութիւն
Գետնադամբարաններու այցելութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2023, 11:32