Որոնել

2023.04.28 Papa Giovanni Paolo II Viaggio Apostolico in Ungheria (6-7 settembre 1996)

Այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի Քահանայապետ ընտրութեան 45 ամեակը

Սոյն յիշարժան տարեդարձին առիթով` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի երբեմնի անձնական քարտուղար Կարդինալ Սթանիզլաւ Տժիվիչ Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, թէ յուզիչ ու քաջալերական է տեսնել թէ ինչպէս մինչեւ օրս շատ մը մարդիկ կը շարունակեն իղձ արտայայտել լսելու անոր ձայնը, հաստատելով` որ այսօրուայ տագնապներով լի աշխարհին մէջ, Անոր «մի վախնաք, ձեր դռները լայն բացէք Քրիստոսի առջեւ» կոչը, այսօր աւելի քան երբեք զօրեղ կերպով պիտի արձագանգէր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի յիշատակութիւն Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Քահանայապետ ընտրութեան 45րդ տարեդարձին, Հռոմի մէջ կազմակերպուեցան զանազան ձեռնարկներ, որոնցմէ առաջինը` նախաձեռնութեամբ Յովհաննէս Պօղոս Բ հիմնարկի, առաւօտուն` 7.15 անց, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ դամբանին մօտ սուրբ պատարագը` զոր մատոյց Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոս Գերապ. Մարէք Ետրաժեսվքին։

Կէսօրէն ետքը միշտ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ պատարագ, այս անգամ կազմակերպուած Սուրբ Աթոռի մօտ` Լեհաստանի դեսպանութեան կողմէ, որուն հրաւիրուած են մասնակցիլ ըլլայ Դիւանագիտական Անձնակազմը ըլլայ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցող Սիւնհոդոսին մասնակցողները։ Պատարագը կը մատուցէ Լեհաստանի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահ Գերապ. Սթանիզլաւ Կատէչքին։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի Քահանայապետ ընտրութեան 45 ամեակին առիթով Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ կազմակերպուած է նաեւ համերգ մը։

Սոյն յիշարժան տարեդարձին առիթով` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի երբեմնի անձնական քարտուղար Կարդինալ Սթանիզլաւ Ճիվիչ Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, թէ յուզիչ ու քաջալերական է տեսնել, թէ ինչպէս մինչեւ օրս շատ մը մարդիկ կը շարունակեն իղձ արտայայտել լսելու անոր ձայնը, հաստատելով` որ այսօրուայ տագնապներով լի աշխարհին մէջ, Անոր «մի վախնաք, ձեր դռները լայն բացէք Քրիստոսի առջեւ» կոչը, այսօր աւելի քան երբեք զօրեղ կերպով պիտի արձագանգէր։ Կարդինալ Ճիվիչը ընդգծեց, թէ ինչպէս ճիշտ Յովհաննէս Պօղոս Բ եղաւ Ան` որ սկիզբ տուաւ Եկեղեցւոյ մէջ «մաքրութեան» գործընթացին ու պայքարեցաւ այն ոտնձգութիւններուն դէմ, որոնց զոհերը մանուկներն էին։

Յիշելով 45 տարիներ առաջ 16 հոկտեմբերին, Կարդինալ Քարոլ Վոյթիլայի Պետրոսեան Գահին վրայ բարձրանալը, ան դիտել տուաւ թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ այսօր եւս աշխարհին կը մատուցէ խաղաղութիւն եւ յոյս։ «Ան կը շարունակէ խօսիլ։ Բաւական է գալ Վատիկան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայ եւ տեսնել անոր դամբանին մօտ աղօթող ուխտաւորները։ Բաւարար է այցելեց իր հետքերը ունեցող սրբավայրերն ու վայրերը ` Վատովիչէի կամ Քալվարիայի մէջ, այնտեղ եւս մարդիկը կը շարունակեն զայն ունկնդրել ու փնտռել Անոր բարեկամութիւնը»։

Կարդինալ Ճիվիչը յիշեց ապա այն պահը երբ` Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներուն հետ միասին, ինք եւս ականատես եղաւ սպիտակ ծուխին, որ բարձրացաւ Սիքստեան մատուռի բուխերիկէն, «սիրտս թողաց» ըսաւ Ան, ու երբ լսեցի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի պատշգամէն արտասանուած «Քարոլում» անունը արդեն ամէն բան յստակ էր։

Կարդինալ Ճիվիչը պատմեց թէ ինչպէս Վոյթիլայի ընտրութենէն ետքը զինք փնտռեցին ու գտան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ու զայն առաջնորդեցին նորընտիր Քահանայապետին մօտ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2023, 12:33