Որոնել

2018.10.24 Centro controllo - CTV

Վատիկանի հեռուստատեսային կեդրոնը (CTV)՝ 40 տարեկան

CTVն ծնած է 22 Հոկտեմբեր 1983 թուականին՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կամքով:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Աշխարհի մէջ Եկեղեցւոյ տիեզերական առաքելութեան առ աւելիով արդիւնաւէտ գործողութեան իրականացմանն ուղղուած բազմաթիւ հարցումներուն համարժէք պատասխաններ տալու նպատակով է, որ 22 Հոկտեմբեր 1983 թուականին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բի որոշումով հիմնուեցաւ Վատիկանի հեռուստատեսային կեդրոնը (CTV)՝ Սուրբ Աթոռի պաշտօնական ռատիօ եւ հեռուստատեսային ծառայութիւնը, որ 2017ին կատարուած բարեփոխումներու ծիրէն ներս ստացաւ Վատիկան Մետիա անուանումը։

Այս 40 տարիներու ընթացքին Կեդրոնը ուղիղ եթերով հեռարձակած է Քահանայապետերու ողջ գործունութիւնը, ներառեալ քահանայապետական այցերը Իտալիոյ եւ արտերկրի մէջ։

Վատիկան Մետիայի ներկայիս տնօրէն Սթեֆանօ Տ’Ակոսթինին վերոնշեալ Յոբելեանի առթիւ արտայայտած իր խօսքին մէջ շեշտած է ի մասնաւորի Յովհաննէս Պօղոս Բի «հեռատեսութիւնը եւ մեծ ուշադրութիւնը լրատուամիջոցներու նկատմամբ»։

Ան  յիշեցուցած է  CTV-ի համար յետագայ երկու կարեւոր իրադարձութիւնները ՝ 25 Նոյեմբեր 1996 թուականի Քահանայապետական երկրորդ վճիռը, որով հաստատութիւնը կը ճանչցուի որպէս Սուրբ Աթոռի հաստատութիւններէն մին՝ փորձնական փուլէն անցնելով առարկայական փուլ  եւ 1 Յունիս 1998 թուականին, նոր կանոնադրութեան ուժի մէջ մտնելը, որ առաւել յստակ կերպով կը բացատրէ ընդհանրական մետիա համատեքստէն ներս առաջադրանքները եւ իրականացուելիք գործողութիւններն ու կազմակերպումը:

Վատիկան Մետիայի տնօրէնը ապա առանձնայատուկ երախտագիտութիւն յայտնած է «բոլոր այն անձերուն, որոնք ժամանակի ընթացքին ղեկավարած են CTVն եւ ապահոված անոր զարգացումը, անոնց մէջ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին եւ Գերապայծառ Տարիօ Էտոարտօ Վիկանոն։ Վերջինս  նշած է, որ CTVն ոչ միայն կը պատմէ Քահանայապետի մասին, այլեւ տարիներու ընթացքին այն ​​դարձած է կարեւոր լսատեսողական պատմութիւն կերտող կառոյց, որմէ մեկնելով օրինակ բերած է պատկերներու ոգեշնչող ուժի մասին. «Երբ կը խօսինք Պապի եւ «Քովիտ»ի մասին, անմիջապէս մեր միտքը կու գայ երբ 27 Մարտ 2020 թուականի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առանձին աղօթեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։

2001էն  2013ը Վատիկանի հեռուստատեսային կեդրոնի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, որ ներկայիս «Ռացինկեր» հիմնադրամի նախագահն է, Վատիկան նիուզին հետ հարցազրոյցի ընթացքին իր հերթին նշած է, որ իր ամենէ հզօր յիշողութիւնը «տառապող» Յովհաննէս Պօղոս Բի Քոլոսէումի մէջ Ճանապարհ Խաչին մասնակցութեան հետ կապուած է։ Ան ապա յիշած է՝ Անոր հիւանդութեան վերջին փուլը, ապա Անոր մահը, կարդինալական պապընտիր ժողովը եւ անոր յաջորդած Պենետիկտոս Պապի քահանայապետութեան սկիզբը՝ հաստատելով, որ CTVն դրսեւորեց ինքզինք` որպէս հեռուստատեսային ծառայութիւն, որն ունակ է իրականացնել իր խնդիրը համաշխարհային հեռուստատեսութեան նոր համայնապատկերին մէջ»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2023, 12:35