Որոնել

Patti Lateranensi: iniziato bilaterale Italia-Santa Sede

Սուրբ Երկիր - Փարոլին. «Երկու ժողովուրդ, երկու պետութիւն, միակ լուծումն է խաղաղ ապագայի համար»։ Մտածենք յատկապէս մանուկներուն

Հռոմի Քաղաքապետարանի մէջ տեղի ունեցած միջոցառումի շրջանակէն ներս Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը նորոգեց Սուրբ Աթոռի դիրքորոշումը. «Երկու ժողովուրդ, երկու պետութիւն, միակ լուծումը խաղաղ ապագայի համար»: Ան ապա բացատրեց, որ աշխատանքներ կը տարուին Ֆրանչիսկոս Պապի և իսրայէլացի պատանդներու ընտանիքներուն հետ հնարաւոր հանդիպման մը համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կը միանամ Ֆրանչիսկոս Պապի կոչին, որպէսզի խաղաղութեան պատճառները գերակշռեն բռնութեան ու պատերազմին պատճառներուն վրայ»։ Այս խօսքերով է, որ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Հռոմի Քաղաքապետարանի մէջ, երբեմնի Պետքարտուղար Կարդինալ Սիլվեսթրիին նուիրուած միջոցառումի մը շրջանակէն ներս լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նորոգեց Սուրբ Աթոռի խաղաղութեան կոչը ու անոր խաղաղութեան հասնելու դիրքորոշումը` «Երկու ժողովուրդ, երկու պետութիւն» կարգախօսով , որ ըսաւ Ան «միակ լուծումն է խաղաղ ապագայի համար»:

Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը  ապա յոյս յայտնեց, որ Իսրայէլի կողմէ նախատեսուած ցամաքային յարձակումը չի կատարուի ու իրավիճակը աւելիով չբարդանայ։

Ծիրանաւորը ակնարկեց նաեւ Քահանայապետի կոչին` պատանդները ազատ արձակելու ու Կազայի բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն մատուցելու։ Ապա հարցումին, թէ արդեօք Քահանայապետի ու իսրայէլացի պատանդներու ընտանիքներուն հետ հնարաւոր հանդիպում մը նախատեսուած է, Կարդինալ Փարոլինը նշեց, թէ աշխատանք կը տարուի այդ ուղղութեամբ բայց տակաւին որոշումը առնուած չէ։

Ծիրանաւորը ապա հրաւէր ուղղեց մտածելու այն մանուկներուն, որոնք զոհը դարձան Համասին ու նաեւ այն բազմաթիւ մանուկներուն, որոնք կը մահանան Կազայի դէմ ռմբակոծումներու պատճառաւ։ «Խաղաղութեան կոչը ուղղուած է յատկապէս անոնց համար, նկատի առնելու անոնց անմեղութիւնը, անոնց ապագան», յարեց Կարդինալ Փարոլինը, որ անդրադառնալով Նախագահ Էրտողանի ու Քահանայապետի միջեւ հեռախօսային զրոյցին, նշեց` թէ ինք տեղեակ չէ զրոյցի պարունակութենէն իսկ նախագահ Պայտընի հետ Քահանայապետին հեռախօսային կապի մասին արտայայտուելով հաստատեց, թէ ԱՄՆ կարեւոր դեր մը ունի ու Քահանայապետը նախագահին կրկնեց Սուրբ Աթոռին դիրքորոշումը։

Կարդինալ Փարոլինը վստահեցուց ապա, որ Սուրբ Աթոռը պիտի ընէ այն ինչ` որ հնարաւոր է ու թէ օրէ օր պիտի քննարկուի հարցին զարգացումը ու անոր համեմատ քայլեր պիտի առնուին։ Ծիրանաւորը նշեց նաեւ` թէ թէեւ Ուքրանիան այսօր դուրս է ուշադրութեան կեդրոնէն, Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ մարդասիրական հարցին նկատմամբ իր յանձնառումը ու այդ հակամարտութեան լուծում մը գտնելու աշխատանքը։

Ի վերջոյ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը նշեց` որ Սուրբ Աթոռին համար Իսրայելապաղեստինեան հարցին լուծումը կը մնայ «երկու ժողովուրդ, երկու Պետութիւն» լուծումը։

«Մեզի համար անիկա կը մնայ միակ կենսունակ լուծումը, որ կարող է ապահովել երկու պետութիւններու միջև խաղաղութեան և խաղաղ մօտիկութեան ապագայ՝ երկու կողմերու միջև ուղիղ երկխօսութեան միջոցաւ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2023, 11:39