Որոնել

Կազայէն փախուստ տուող պաղեստինցիներ Կազայէն փախուստ տուող պաղեստինցիներ  (ANSA)

Կարդինալ Փարոլին հեռախօսազրոյց ունեցաւ Պաղեստինի Վարչապետին հետ

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար հեռաձայնած է Պաղեստինի Վարչապետի Շթայեին անոր յայտնելով Սուրբ Աթոռին ցաւը ի տես Պաղեստինի մէջ պատահածին, ի մասնաւորի Կազայի մէջ

Վատիկան Նիուզ

Այսօր (14 հոկտեմբեր) առաւօտեան Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը հեռաձայնային կապ հաստատած է Պաղեստինի Պետութեան վարչապետ` Մոհամմադ Շթայեին հետ, որուն յայտնած է Սուրբ Աթոռի և անոր անձնակազմի ցաւը Պաղեստինի մէջ, մասնաւորապէս Կազայի մէջ տեղի ունեցածին համար։ Ան վստահեցուցած է, որ Սուրբ Աթոռը պիտի շարունակէ որպէս պաղեստինեան ժողովրդի օրինական նկրտումներու ներկայացուցիչ ճանչնալ միայն Պաղեստին Պետութիւնը եւ անոր իշխանութիւնները։ Ան ընդգծած է, որ այս իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ է երաշխաւորել մարդասիրական իրաւունքի լիակատար յարգանքը և ապահովել, որ խաղաղ բնակիչները, յատկապէս ամենախոցելիները, առողջապահական հաստատութիւններն ու աղօթավայրերը չներգրաւուին հակամարտութեան մէջ։ Ծիրանաւորը այս նոյն ուղերձը զօրեղ կերպով արտայայտած էր երեկ` բոլոր ներգրաւուած կողմերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2023, 14:26