Որոնել

Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոս Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոս  (Vatican Media)

Սիւնհոդոսը «Եկեղեցի ըլլալու նոր ձեւ մը»

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ եւ Սիւնհոդոսի տեղեկատուութեան յանձնաժողովին նախագահ Տիար Փաուլօ Ռուֆֆինիի մամլոյ ասուլիսը Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ առաւօտուն ընդհանուր ժողովին ընթացքին քննարկուած նիւթերուն վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 27 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ եւ Սիւնհոդոսի տեղեկատուութեան յանձնաժողովին նախագահ Տիար Փաուլօ Ռուֆֆինի տեղեկութիւններ տուաւ հինգշաբթի, 26 հոկտեմբերին եւ ուրբաթ 27 հոկտեմբերին, առաւօտեան եկեղեցւոյ սիւնհոդասականութեան նուիրուած սիւնհոդոսին ընթացքին արծարծուած եւ քննարկուած նիւթերուն մասին։

Ուրբաթ, 27 հոկտեմբերին, առաւօտեան ընդհանուր ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 320 անդամներ։ Ժողովի սկիզբը աղօթքէն առաջ տեղեկութիւններ տրուեցաւ ամփոփիչ փաստաթուղթի վերջնական նախագիծին վերաբերեալ։

Շաբաթ, 28 նոյեմբերին, յետմիջօրէին, ընդհանուր ժողովին առաջին հանգրուանին կը կարդացուի հաւաքական ձեւով ամփոփիչ փաստաթուղթը, ապա տեղի պիտի ունենայ ելեկտորնային քուէարկութիւն, որ թոյլ պիտի տայ արտայայտելու կարծիքներ բնագիրի իւրաքանչիւր պարբերութեան վերաբերեալ։

Տիար Ռուֆֆինի ապա յայտնեց թէ ուրբաթ 27 հոկտեմբերին ընդհանուր ժողովին անդամներու յանձնուեցաւ Հայր Թիմոթի Տատքլիֆֆէի խորհրդածութիւնները զոր ներկայացուցած է Սաքրօֆանոյին մէջ հոգեւոր կրթութեան ընթացքին ու պարունակուած են Իտալերէն եւ Անգելերէն լեզուներով գիրքի մը մէջ։ Ապա Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքին համաձայն ժողովին անդամներուն բաժնուեցաւ Հայր Ռատքլիֆֆէին Տոմենիքեան միաբանութեան ուղղած նամակները՝ պարունակուած գիրքի մը մէջ՝ տարբեր լեզուներով։

Փաուլօ Ռուֆֆինի ապա յիշեց որ Կիրակի 29 հոկտեմբերին, ժամը 10ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարի մէջ կը մատուցուի սիւնդհոսի եզրափակիչ սուրբ Պատարագը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2023, 11:11