Որոնել

ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչա ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչա 

Կրթութիւնը հիմնարար գործօն՝ ճեղքելու աղքատութեան արատաւոր շրջանակը․ Գերապայծառ Քաչա

ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդը Նիւ Եորքի մէջ ելոյթ ունեցած է կրթութեան նիւթի մասին. «Երբ կը պակսի կրթութիւնը, կը պակսին անձի մարդկային, բարոյական եւ հասարակական աճի համար անհրաժեշտ գործիքները»:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Կրթական ոլորտէն ներս ծնողներու դերը անփոխարինելի է եւ անօտարելի, որ «չէ կարող ամբողջութեամբ լիազօրուիլ կամ իւրացուիլ ուրիշներու կողմէ»։ Ելոյթ ունենալով Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի Գլխաւոր Ժողովի ընթացքին, ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչան խօսեցաւ կրթութեան նիւթին մասին՝ «կայուն զարգացման հիմնարար գործօն, որ թոյլ կու տայ իւրաքանչիւր անձի ձեռք բերել անհրաժեշտ հմտութիւններ՝ հասարակութեան լիարժէք մասնակիցն ըլլալու համար։

Ծնողները՝ գլխաւոր դաստիարակներ

Կրթութեան մէջ ներդրումները կենսական նշանակութիւն ունին, ըստ այդմ Գերապայծառը խորհուրդ կու տայ համարժէք աջակցութիւն եւ օգնութիւն ցուցաբերել ընտանիքին, որ հասարակութեան հիմնական բջիջն է, հասարակական կեանքի առաջին դպրոցը:

«Ծնողները հիմնական դաստիարակներն են եւ իրաւունք ու պատասխանատուութիւն ունին ապահովելու, որպէսզի իրենց զաւակները համապատասխան և համապարփակ կրթութիւն ստանան», կը հաստատէ ապա Ան եւ ասկէ մեկնելով կոչ կ’ուղղէ «պետութիւններուն եւ իշխանութիւններուն երաշխաւորելու այս իրաւունքը եւ ապահովելու զայն իրականացնելու համար անհրաժեշտ առարկայական պայմանները»:

Աղքատութիւնը` անարգանք մարդկային արժանապատուութեանը

Ըստ Սուրբ Աթոռի մշտական ​​դիտորդին՝ երբ կը պակսի կրթութիւնը, կը պակսին անձի մարդկային, բարոյական եւ հասարակական աճի համար անհրաժեշտ գործիքները, ինչպէս նաեւ աղքատութեան արատաւոր շրջանակը ճեղքելու համար անհրաժեշտ պայմանները։ Գերապայծառ Քաչան կը պնդէ ապա, որ «աղքատութիւնը անարգանք է մարդու արժանապատուութեան» և, որ 2030ին նախանշուած նպատակը՝ ուղղուած աղքատութեան վերացմանը անհրաժեշտ առաջընթաց չէ գրանցուած», ուստի Ան կը խնդրէ, որ միջազգային հանրութիւնը «համաձայնեցուած եւ անյապաղ ջանքեր գործադրէ՝ դէպի այդ ուղի վերադարձի համար»՝ պարտաւորուելով ստեղծել մարդու անձի վրայ կեդրոնացած զարգացման ձեւաչափ՝ ուղղուած ընդհանուր բարօրութեան:

Եղբայրութիւն եւ ընդհանուր տան խնամք

Ի վերջոյ Արքեպիսկոպոս Քաչան ընդգծելով, որ կրթութեան վերջնական նպատակն է «թոյլ տալ իւրաքանչիւր մարդու գործի դնել իր ողջ ներուժը, իւրացնել հիմնարար արժէքներն ու առաքինութիւնները», հաստատեց, որ «Սուրբ Աթոռը յատկապէս աշխարհի բազմաթիւ կաթողիկէ դպրոցներու, համալսարաններու եւ կրթական հաստատութիւններու անխոնջ աշխատանքի շնորհիւ, կը շարունակէ ընել իր մասը՝ ապահովելու, անձի արժանապատուութեանը եւ եղբայրութեան մեր ընդհանուր կոչումին հարիր, հասանելի կրթութիւն բոլորի համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2023, 11:42