Որոնել

Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի  (ANSA)

Կարդինալ Զուփփի «Ոչ թէ պարտադրուած խաղաղութիւն, այլ Ուքրանացիներուն կողմէ բոլորին ջանքերով ընտրուած խաղաղութիւն»

Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին Պերլինի մէջ կը մասնակցի Սան Էճիտիօ հասարակութեան «Խաղաղութեան յանդգնութիւն» միջոցառումին, որուն ընթացքին կը պատասխանէ լրագրողներուն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերին Ֆրանչիսկոս Պապին իրեն յանձնուած խաղաղութեան առաքելութեան ծիրէն ներս Փեքին կատարելիք ճամբորդութեան կարելիութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սան Էճիտիօ հասարակութեան նախաձեռնութեամբ, Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ կաթողիկէ, բողոքական եկեղեցիներու համագործակցութեամբ, 10էն 12 սեպտեմբերին, Պերլինի մէջ սկիզբ կ՝առնէ«Խաղաղութեան յանդգնութիւն», խորագիրով միջազգային միջոցառումը, մասնակցութեամբ աշխարհի հիմնական կրօններուն առաջնորդներուն, աւելի քան 40 տարբեր երկիրներուն քաղաքական եւ մշակոյթին ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի եւ Պոլոնիա թեմի արքեպիսկոպոս կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիին։

Միջազգային միջոցառումին ընթացքին, կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն զրուցեց Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ իրեն վստահած խաղաղութեան առաքելութեան մասին, որուն համար արդեն այցելած է Ուքրանիա, Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ։

Կարդինալ Ծուփփին խօսեցաւ Չինաստան կատարելիք հաւանական այցելութեան մասին նկատել տալով, թէ տակաւին անոր ժամանակը յստահ չէ որովհետեւ « Սուրբ Աթոռի ժամանակներն ու Չինաստանի ժամանակները յայտնի օրէն շատ երկար են» ըսաւ Ան հաստատելով, թէ խաղաղութիւնը կը պահանջէ բոլորին ջանքերը, սակայն «դա երբեք այն չէ, որ մէկու կողմէ պէտք է պարտադրուի, այլ դա պէտք է ըլլայ Ուքրանացիներուն կողմէ ընտրուած խաղաղութիւնը՝ բոլորին ջանքերով, յանձնառումով եւ երաշխիքներով։

Պապին եւ Եկեղեցւոյ աջակցութիւնը Ուքրանիոյ

Խօսելով ֆրանչիսկոս Պապին վերջերս Ռուս կաթողիկէ երիտասարդներուն ուղղած պատգամին, որուն պատճառաւ մեծ աղմուկներ բարձրացած են Ուքրանիոյ մէջ Ծիրանաւորը իր համոզմունքը յայտնեց, թէ Ուքրանիոյ կառավարութիւնը եւ Ժողովուրդը լաւ գիտեն այն աջակցութիւնը որ եկեղեցին եւ քահանայապետը միշտ ունեցած են անոնց տառապանքներուն համար։»։

Իսկ ինչ կը վերաբերի դիւանագիտական ձախողութեան եւ դանդաղութեան մասին խօսող քննադատութիւններուն , Պոլոնիայի թեմի արքեպիսկոպոսը նշեց թէ, «եթէ ոչ մէկ բան ընես, չես ձախողիր՝ սակայն ոչ մէկ բան կատարած կ՝ըլլաս, աւելի լաւ է փորձել կատարել»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2023, 11:20