Որոնել

++ Zuppi, la guerra coinvolge il Papa 'fino alle lacrime' ++

Կարդինալ Ծուփփին Չինաստանի մէջ` համագործակցիլ խաղաղութեան եւ սնունդի անվտանգութեան ուղիներով

Ծիրանաւորը` Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան Արտաքին Գործերու նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ Եւրասիական Հարցերու ներկայացուցիչին հետ որուն ընթացքին ընդգծուեցաւ հարկաւորութիւնը միացնելու ջանքերը` խթանելու համար երկխօսութիւնը եւ գտնելու դէպի խաղաղութիւն տանող ճանապարհներ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետի պատուիրակ եւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին այս օրերուն կը գտնուի Չինաստան` շարունակելու համար Քահանայապետին կողմէ իրեն յանձնուած խաղաղութեան առաքելութիւնը, որ սկիզբ առաւ նախ Ուքրանիա անոր տուած այցելութեամբ ապա Ռուսաստան եւ Միացեալ նահանգներ եւ այժմ Չինաստան, ուր Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան Արտաքին Գործերու նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ Եւրասիական Հարցերու ներկայացուցիչին հետ։

Կարդինալ Ծուփիին ճամբորդութեան հայող Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուի, թէ «հանդիպումը կայացաւ բաց ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ ու յատկացուեցաւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին ու անոր ողբերգական հետեւանքներուն, ընդգծելով հարկաւորութիւնը` միացնելու ջանքերը, խթանելու համար երկխօսութիւնը եւ գտնելու դէպի խաղաղութիւն տանող ճանապարհներ»։

«Անդրադարձ կատարուեցաւ նաև սննդամթերքի անվտանգութեան խնդրին», նշուած է միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ, ` «յոյս ունենալով, որ շուտով հնարաւոր կ դառնայ երաշխաւորել հացահատիկային ապրանքներու արտահանումը յատկապէս ի նպաստ առաւելապէս վտանգուած երկիրներուն»:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2023, 07:30