Որոնել

2023.08.30 INT CARD. PAROLIN VIAGGIO MONGOLIA

Սլովաքիան կարող է նպաստել աշխարհի փոխակերպումին. Կարդինալ Փարոլին

Սլովաքիա կատարած ճամբորդութեան առիթով Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը հարցազրոյց մը ունեցաւ Վատիկան Նիուզի հետ որուն մէջ անդրադարձաւ ճամբորդութեան հիմնական նպատակները, որոնց շարքին կիսել եկեղեցական հասարակութեան հաւատքը, ամրապնդել հաղորդութիւնը, վերանորոգել Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան առիթով յղած պատգամը, ապա Երկրին պաշտպան Սրբուհի Սուրբ Կոյս Մարիամի տօնին առիթով աղօթել, մասնաւորապէս խաղաղութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիերթօ Փարոլինը, 14էն 16 սեպտեմբերին, տեղական եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հրաւէրով կը գտնուի Սլովաքիայի մէջ, ուր պիտի այցելէ չորս քաղաքներ Պրաթիզլաւը, Շաշթինը, Քոշիչէն եւ Քլոքոչովը։ Ճամբորդութիւնը կը կայանայ երեք կարեւոր յոբելեաններու`առիթով. Սուրբ Աթոռի եւ Սլովաքիայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու նորոգման երեսուն ամեակը, Սուրբ Կիւրեղ ու Մեթոտիոս առաքեալներու Սլովաքիա ժամանումին 1160 տարեդրաձը եւ համայնավարութեան շրջանին նահատակուած երկու սլովաքցի մարտիրոսներու Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կողմէ 2003 կայացած երանացումի արարողութեան 20րդ ամեակը։ Ի միջի այլոց նշենք` որ Ֆրանչիսկոս Պապը Երկիրը այցելեց երկու տարիներ առաջ` 12էն 15 սեպտեմբեր 2021։

Ճամբորութեան նպատակները

Ճամբորդութեան առիթով Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը հարցազրոյց մը ունեցաւ Վատիկան Նիուզի հետ, որուն մէջ անդրադարձաւ ճամբորդութեան հիմնական նպատակներուն, որոնց շարքին կիսել եկեղեցական հասարակութեան հաւատքը, ամրապնդել հաղորդութիւնը, վերանորոգել Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան առիթով յղած պատգամը, ապա Երկրին պաշտպան Սրբուհի Ցաւագին Տիրամօր տօնին առիթով աղօթել, մասնաւորապէս խաղաղութեան համար։

Սլովաքիայի դերակատարութիւնը

Այն հարցումին` թէ Սլովաքիան, որ փոքր երկիր է,  ի՞նչ կարող է նուիրել աշխարհին, Կարդինալ Փարոլինը ակնարկեց Քահանայապետին Մոնկոլիա կատարած վերջին ճամբորդութեան նշելով, որ «մենք պէտք չէ մենք մեզ սահմանենք թիւերու կամ իրականութեան մը չափերուն մէջ՝ գնահատելու համար անոր նշանակութիւնն ու ազդեցութիւնը»։

«Թէեւ փոքր Սլովաքիան եւս կարող է նպաստել աշխարհի բարեփոխումին, մեկնելով իր պատմութենէն, մշակոյթէն, ու զայն յատկանշող քրիստոնէական ժառանգութենէն, անոր հոգեւոր արժէքներու ի սպաս յանձնառումէն ու քաղաքական եւ կրօնաւոր համակեցութեան փոխադարձ յարգանքի խթանումէն։

Սուրբ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս առաքեալները

Ծիրանաւորը խօսեցաւ նաեւ Սուրբ Կիւրեղ ու Մեթոտիոս եղբայրներու մասին, որպէս տիպար մշակութայնացումի եւ սիւնհոդոսականութեան, թէ ինչպէս քրիստոնէութիւնը կարող է յաջողութեամբ ընդելուզուիլ տարբեր մշակոյթներու մէջ ու յատկապէս հասկնալի լեզուով թարգմանելով հաւաքին բովանդակութիւնը։

Կարդինալ Փարոլինը հուսկ մաղթանք յայտնեց, որ բազմաթիւ ըլլան անոնք` որոնք այս այցելութեան ընթացքին պիտի մասնակցին աղօթքներուն` զօրացնելու համար Տիրոջ նկատմամբ սէրը, ու վերագտնելու աշխարհի մէջ մեր յանձնառութեան խոր պատճառները, ուրիշներու հանդէպ սիրոյ պատճառները, ապա ընկերային արդարութիւնը եւ ուրիշներուն ծառայելու պատճառները, որպէսզի Եկեղեցին իսկապէս լոյս ըլլայ բոլորի համար և Աւետարանի թթխմորով փոխակերպէ հասարակութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2023, 08:00