Որոնել

2023.09.09 Ordinazione Episcopale

Կարդինալ Փարոլինը նորօծ եպիսկոպոսներուն. Հոգ տարէք համամիութենական եւ միջրկօնական երկխօսութեան

Նշենք որ կիրակի 10 սեպտեմբերի առաւօտեան երկու նորօծ եպիսկոպոսները առիթը կ՛ունենան իրենց հարազատներուն հետ միասին հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 9 սեպտեմբերին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորեց Փղոսկրեայ Ակունքի մօտ առաքելական նուիրակ անուանուած գերապայծառ Մարուիսիօ Ռուետա Պելցի եւ Ղազախստանի, Քիրկիստանի, Տաճկստանի մօտ առաքելական նուիրակ նշանակուած Ժորժ Ժորժ Փանամթունտի եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը։

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը անոնց առաքելութեան մասին արտայայտուելով նշեց. «ձեզի յանձնուած է խթանել միջկրօնական ու համամիութենական անկեղծ երկխօսութիւնը որ սատարէ կրօնի ցանկացած շահագործման արգիլումին»։ Ան ապա անոնց յորդորեց ըլլալ «ժամանակներու նշանները քննող պահապաններ» և «հաշտութեան արհեստաւորներ», որպէսզի «Աստուծոյ որդեգրուած զաւակները մնան Տիրոջ հետ բարեկամութեան մէջ և ստանան Նրա շնորհքը»։

Գերապ. Մաուրիսիօ Ռուետա Պելցի, 53 տարեկան Քոլոմպիացի եպիսկոպոսը Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարութեան մէջ եղած է Անձնակազմի բաժնի ենթաքարտուղար, եղած է նաեւ պապական ճամբորդութիւններու կազմակերպիչը, իսկ հնդկական ծագումով 51 ամեայ Ժորժ Ժորժ Փանամթունտի մինչ այժմ աշխատած է որպէս Կիպրոսի դեսպանութեան մէջ խորհրդական։

Կարդինալ Փարոլինը անոնց ուղղած պատգամին մէջ նշեց ապա թէ որպէս առաքելական նուիրակներ իրենց հետ պէտք է միշտ ունենան «Քահանայապետին մտքերը ու խօսքերը» հուսկ «Պետութիւններու իշխանութիւններուն պիտի վկայէք Քահանայապետին մտահոգութիւնները խաղաղութեան ու ներդաշնակ զարգացումի մը համար որ չի առաջացնէ աղքատութեան և առանց պաշտպանութեան պայմաններուն մէջ ապրող լուսանցքայիններ եւ մեկուսացուած մարդիկ, եւ կամ կը խորացնէ կլիմայական անհաւասարակշռութիւնը»:

Ձեր ներկայութիւնը ի ծառայութիւն է ««Հաղորդութեան և միասնութեան անգնահատելի բարիքին, որ չի վերացներ օրինական տարբերութիւնները, այլ կը ներդաշնակէ, կը մաքրէ և կ՛աջակցի անոնց», այնպէս որ տեղական եկեղեցիները տիեզերական Եկեղեցիէն ընդունին անհրաժեշտ օգնութիւնները:

Ակնարկելով ապա 2019ին Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին Սուրբ Աթոռի Դիւանագիտութեան Պետը հաստատեց` որ «կրօնները երբեք պատերազմ չեն հրահրեր, ատելութեան, թշնամութեան ու ծայրայեղութեան զգացումներ չեն յառաջացներ» ու մատնանշելով առաքելական նուիրակներու ծառայութեան երկիներուն` Փղոսկրեայ Ակունքը եւ Ղազախստանը նշեց` որ «անոնք Փառք Աստուծոյ յատկանշուած են բազմամշակոյթով ու բազմակրօնութեամբ» ուր կրօնները կ՛ապրին իրար հետ համերաշխութեամբ ու յարգանքով։ «Եթէ բոլորն ալ հետեւին անոնց օրինակին- այդ մէկը պիտի ըլլայ լաւագոյն հակաթոյնը ընդդէմ ծայրայեղութեան ու արմատականութեան» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը։

Նշենք` որ կիրակի 10 սեպտեմբերի առաւօտեան երկու նորօծ եպիսկոպոսները առիթը կ՛ունենան իրենց հարազատներուն հետ միասին հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2023, 20:32