Որոնել

Կարդինալ Մարիօ Կրէք Կարդինալ Մարիօ Կրէք 

Կարդինալ Մարիօ Կրէքին նամակը .«Առանց աղօթքի պիտի չըլլայ Սիւնոդ»

Սիւնոդի ընդհանուր քարտուղար, կարդինալ Մարիօ Կրէքը նամակը եպիկսոպոսներուն աղօթելու Սիւնոդին համար
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սիւնոդի ընդհանուր քարտուղար, կարդինալ Մարիօ Կրէք նամակ մը յղեց աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներուն խնդրելով, որ հաւատացեալները հրաւիրեն աղօթելու յառաջիկայ հոկտեմբեր ամիս կայանալիք սիւնոդի համար շեշտելով, որ աղօթքը դարմանումն է մեր անձերէն դուրս գալու՝ դէպի բացայայտում այն ինչ, որ Աստուած կը շարունակէ գործել եկեղեցիէն ներս։

Հանդիսաւոր Օրհնութիւն

Նամակին մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Սիւնոդի ընդհանուր քարտուղարը կ՝ուզէ յիշեցնել, թէ սիւնոդի ընդհանուր ժողովը նախ եւ առաջ հոգեւոր, աղօթքի, Սուրբ Հոգիին անսալու միջոցառումն է, որուն գլխաւոր դերակատարը Սուրբ Հոգին է։ Կարդինալ Կրէք պատրաստած է նաեւ Հանդիսաւոր Օրհնութիւն յատուկէն արտասանելու համար կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագէն ետք նշուած է հաղորագրութեան մէջ։

Աղօթքի ձեւերը

Կարդինալ Մարիօ Կրէք նամակին մէջ գրած է նաեւ աղօթքի տարբեր ձեւերու մասին որոնց շարքին նշած է նախ եւ առաջ Աստուծոյ խօսքի ունկնդրութիւնը, պաշտամունքը եւ բարեխօսութեան աղօթքը ինչպէս նաեւ գոհաբանական աղօթքը։

Նամակին մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Կարդինալ Մարիքօ Կրէքի աղօթքի հրաւէրի կոչը մաս կը կազմէ այն շարք մը նախաձեռնութիւններուն, որոնց նպատակն է յիշեցնել Սինոդի հոգեւոր յատկութիւնը։ Այդ նախաձեռնութիւններուն շարքին են (www.prayforthesynod.va) 2021ին ստեղծուած կայքէջը համագործակցութեամբ Պապին համաշխարհային աղօթքի ցանցին եւ ընդհանուր մեծաւորներու միջազգային միութեան, 30 սեպտեմբերին համամիութենական հսկումը, ինչպէս նաեւ 1էն – 3 հոկտեմբերին, սիւնոդին անդամներուն հոգեւոր կրթութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2023, 11:00