Որոնել

2023.09.29 Claudo Gugerotti, prefetto del Dicastero per le Chiese orientali

Կարդինալ եմ յանուն յաճախ մոռցուած Արեւելքի մը` Լեռնային Ղարաբաղի հարցը Սուրբ Աթոռի ուշադրութեան տակ է. Կարդինալ Կուճերոթթի

Մարդոց տառապանքը, սպանութիւնները բացարձակապէս անընդունելի են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` այսօր Կարդինալներու դասին մէջ ներառուած Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի, Կարդինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութեան նախօրէին Վատիկան Նիուզին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, թէ իրեն վերապահուած այս պատիւը «պատիւ է Միջին Արեւելքի հաւատացեալներուն համար, որոնցմէ շատերը կ՛ապրին դժուարութեան մէջ»։

Կարդինալութիւնը պատիւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն համար

Ծիրանաւորը նշեց, թէ ինք արարողութեան պատրաստուեցաւ խորհրդածելով այս օրուան ծիսակատարութեան մասին, այնտեղ արտասանուած բառերուն ու բխած պատգամի մասին. «Կարդինալական Հաւաքը «ֆոլքլորիսթիք» փառատօն մը չէ։ Ոչ ալ Վատիկանի Պետութեան մէջ իշխաններու ստեղծում, այլ համախմբումի մը խորհուրդն է` Քահանայապետի կերպարին ու անոր առաքելութեան շուրջ։ Երբ Քահանայապետը մատանին կը յանձնէ շատ գեղեցիկ բառեր կ՛արտասանէ. «Ընդունէ այս մատանին Պետրոսի ձեռքէն եւ յիշէ որ Պետրոսի հետ հաղորդութեան մէջ կ՛աճի քու սէրդ Եկեղեցւոյ նկատմամբ», ըսաւ Կարդինալ Կուճերոթթին աւելցնելով, որ «այստեղ կայ` որպէս Պետրոսի յաջորդ Քահանայապետի առաջնութեան կաթողիկէ աստուածաբանութիւնը, Պետրոսի յաջորդին հետ ուղիղ կապը եւ երրորդ` այս բոլորը ի նպաստ Եկեղեցւոյ ծառայութեան»։

Պատերազմին վերջ տալու համար «կարիք չկայ քաղաքական ռազմավարութեան այլ կամքի»

Ծիրանաւորը ակնարկեց ապա Միջին Արեւելքին ու այնտեղ գոյութիւն ունեցող ու գործող եկեղեցիներուն, որոնք կը գտնուին իր կառավարած Վերատեսչութեան խնամքին տակ, իր այս Կարդինալ նշանակումը նկատելով Քահանայապետին սիրոյ արտայայտութիւն` հանդէպ այդ Եկեղեցիներուն…. Կարդինալութիւնը կը նշանակէ աշխարհիս ուշադրութիւնը հրաւիրել այդ շրջանի մէջ իրավիճակներուն, որոնք կը հային ժողովուրդներու, որ յաճախ դերակատարներ չեն նկատուած, ու անոնց գոյութեան շուրջ կայ սառ լռութիւն, որովհետեւ կան աշխարհիս մէջ հարիւր այլ պատերազմներ` Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատերազմէն անդին, որոնց մասին երբեք չենք խօսիր» ըսաւ Կարդինալ Կուճերոթթին, որ անդրադարձաւ Քահանայապետին կողմէ Կարդինալ Ծուփփիին յանձնուած խաղաղութեան միջնորդ ըլլալու առաքելութեան զայն նկատելով «հանճարեղ» որովհետեւ իրար հետ կը դնէ անոնք` որոնք կը պայքարին եւ աշխարհիս միւս մեծամեծ ազգեր, որոնցմէ յաճախ կախեալ է պատերազմը» ըսաւ Ան, հաստատելով, որ պատերազմին վերջ տալու համար «կարիք չկայ քաղաքական ռազմավարութեան այլ կամքի»։

Լեռնային Ղարաբաղ. Մարդոց տառապանքը, սպանութիւնները բացարձակապէս անընդունելի են

Ասկէ մեկնելով Ան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին հաստատելով` որ «Սուրբ Աթոռը շարժումի մէջ է» այդ առնչութեամբ, ու նկատել տալով, թէ այս հարցը խճանկարի մը բեկորն է ժամանակահատուածի մը ընթացքին երբ աշխարհը անկայուն է….

«Այն ինչ, որ չենք տեսներ այն է` թէ ի տարբերութիւն տասնեակ տարիներ առաջուայ իրողութեան այսօր չկայ միջազգային զօրութիւն մը, որ կարող ըլլայ, չըսեմ կառավարել, բայց գոնէ կերպով մը միջամտել, քանի որ ՄԱԿ-ը կամաւոր կերպով բացառուած է, տրուած ըլլալով որ չի փայլիր որոշումներ կայացնելու կարողութեամբ, յատկապէս «վեթոներու» պատճառաւ։

«Մարդոց տառապանքը, սպանութիւնները բացարձակապէս անընդունելի են» հաստատեց հուսկ Կարդինալ Կուճերոթթին նկատել տալով նաեւ, որ «այս իրավիճակը երկար ժամանակէ ի վեր գոյութիւն ունի ու ներգրաւեց տարբեր Արեւմտեան իշխանութիւններ, որոնք սակայն «հիմնականին մէջ ոչ մէկ բան կարողացան ընել»….

«Այն ինչ որ պէտք է հասկնանք այն է` թէ եթէ Արեւմուտքը ներդաշնակ չըլլայ այս ողբերգութիւնը ապրողներու իրական զգայունութեան հետ, մենք պիտի շարունակենք ի զուր խօսիլ....» յարեց Արեւելեան Եկեղեցիներուն Վերատեսչութեան Վերատեսուչը նշելով` որ «պէտք է հասկնանք, որ կայ ցաւի պատմութիւն մը, որ սկսած է շատ վաղ ժամանակներէ եւ թէ այնտեղ կայ հզօր պետութիւններու միջեւ խաղ մը» .... եւ հիմնական հարցը այն է` թէ Արեւմուտքը եւս ներգրաւուած է հարցին մէջ, ոչ միայն այդ խեղճ մարդիկը, որ կը գտնուին այդ ողբալի կացութեան մէջ, ու եթէ նկատի չառնենք այս մէկը «այս հարցին գինը վճարողը պիտի ըլլայ Արեւմուտքը» ըսաւ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2023, 08:00