Արհեստական բանականութիւնը և սրտի իմաստութիւնը՝ լիարժէք մարդկային հաղորդակցութեան համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ 29 սեպտեմբեր 2023ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը հրատարակեց յառաջիկայ 12 Մայիս 2024ին նշուելիք, Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցներու Համաշխարհային 58րդ Օրուան Քահանայապետական պատգամին բնաբանը` «Արհեստական բանականութիւնը և սրտի իմաստութիւնը՝ լիարժէք մարդկային հաղորդակցութեան համար»։
Արհեստական բանականութեան համակարգերու զարգացումը աւելի ու աւելի բնական կը դարձնէ հաղորդակցութիւնը մեքենաներու միջոցաւ և անոնց հետ, այնպէս որ աւելի ու աւելի դժուար կը դառնայ զանազանել` հաշուարկը մտքէն եւ մեքենայի կողմէն ստեղծուած լեզուն մարդկանց կողմէ ստեղծուածէն։
Ինչպէս բոլոր յեղափոխութիւնները, այս մէկը եւս, որ հիմնուած է արհեստական բանականութեան վրայ, նոր դիմագրաւուելիք մարտահրաւէրներ կը հրահրէ, որպէսզի մեքենաները չի նպաստեն ապատեղեկատուութեան լայնածաւալ համակարգի տարածման և չաճեցնեն մենակութիւնը անոր` որ արդեն իսկ մինակ է, մեզ զրկելով այդ ջերմութիւնէն, որ միայն մարդկանց միջև շփումը կարող է պարգեւել։
Կարևոր է ուղղորդել արհեստական բանականութիւնը և «ալկորիթմները», որպէսզի անոնք ունենան պատասխանատու գիտակցութիւնը` հաղորդակցութեան այս տարբեր ձևերու օգտագործման և զարգացման մէջ, որոնք կը լրացնեն ընկերային ցանցերու և ցանցին ձևերը: Անհրաժեշտ է, որ հաղորդակցութիւնը ուղղուած ըլլայ մարդ անհատի աւելի լիարժէք կեանքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ