Որոնել

Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր 

Գերապայծառ Կալլակեր. «Իսրայէլցիներու եւ Պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղութիւնը շահաւէտ է միջազգային ընտանիքին համար»։

Սուրբ Աթոռի Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր, 28էն – 26 սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ գումարուած ՄԱԿ-ի 78-րդ ընդհանուր նիստի ընթացքին։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Սուրբ Աթոռը հաստատապէս համոզուած է, որ Իսրայէլցիներու եւ Պաղեստինցիներու միջեւ խաղաղութիւնը, ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ շահաւէտ է ողջ միջազգային ընտանիքին», այս ըսաւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր, 18էն – 26 սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ Բարձր մակարդակի շաբաթուայ ընթացքին ՄԱԿ-ի 78-րդ ընդհանուր նիստի ծիրէն ներս։

Ելոյթին մէջ Գերապայածառ Ռիչարտ Կալլակեր նշեց, որ Սուրբ Աթոռը Երուսաղեմը կը տեսնէ, ոչ թէ որպէս բախումի եւ բաժանումի վայր, այլ որպէս հանդիպումի վայր՝ ուր Քրիստոնեաները, հրէաները, մահմետականները կարող են միասնաբար ապրիլ յարգանքով եւ փոխադարձ բարի կամքով։

Գերապայծառ Կալլակեր ընդգծեց Սուրբ Աթոռի առաջնահերթութիւնները Սուրբ Երկրին վերաբերեալ, մասնաւորապէս Յիսուսի կեանքի կապուած սուրբ վայրերուն գոյութիւնը՝ որոնք 600 տարիներ առաջ յանձնուած են Փոքրիկ եղբայրներուն պաշտպանութեան եւ երկու հազար տարիներէ ի վեր քրիստոնեայ ընտանիքին ներկայութիւնը։

Մեկնելով այս պատմական, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութենէն, Գերապայծառ Կալլակեր շեշտեց թէ «Իւրաքանչիւր խաղաղութեան նախաձեռնութիւն ողջունելի է, ինչպէս նաեւ արաբական խաղաղութիւնը, քանի որ անիկա չվնասեր տեղական ժողովուրդներուն կամ ալ Իսրայէլցիներուն եւ պաղեստինցիներուն օրինական խնդրանքներուն»։

Ոչ մէկ անհանդուրժողականութեան արարքներ

Ըստ Գերապայածառ Կալլակերի վէճին կեդրոնական կէտը, զոր պէտք է լուծուի «կայուն խաղաղութեան հասնելու համար, Երուսաղեմ քաղաքի վարչակազմն է»։

«Ակնյայտ է որ այս քաղաքը շատ կարեւոր է մեզի քրիստոնեաներուս համար, այնպէս ինչպէս նաեւ Հրէաներու եւ մահմետականներու համար, որոնք կը նկատեն որպէս Սուրբ Քաղաք» շեշտեց գերապայծառ Կալլակեր, աւելցնելով,որ «տխուր է տեսնել երուսաղեմի անհանդուրժողականութեան արարքները, այնպէս ինչպէս վերջերս հրեայ ծայրայեղականներու կողմէ իրականացուած արարքները քրիստոնեաներուն դէմ»։

2014ին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ հանդիպում

Գերապայածառ Կալլակեր ելոյթը աւարտեց յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը երբ «Իսրայէլցիներն ու Պաղեստինցիները հրաւիրեց ուղղակի երկխօսութեան մէջ մտնելու», յիշեց նաեւ Քահանայապետին ժեսթերը սկսեալ անցեալ 8 յունիս 2014ին, Վատիկանի մէջ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի եւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի միջեւ հանդիպումի՝ միասնաբար աղօթելու խաղաղութեան համար եւ տնկելու ձիթապտուղի ծառ մը։
«Կը շարունակենք ջրել այդ ձիթապտուղի ծառը, սպասելով որ երկու պետութիւններուն նախագահները, առաջնորդուած իրենց պետութիւններէն վերադառան գաղելու համար խաղաղութեան պտուղները։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2023, 10:42