Որոնել

CLIMATE-CHANGE/RELIGIONS

2030ի Օրակարգին համար անհրաժեշտ են հեռատեսական միջոցառումներ․ Գերապայծառ Կալլակեր

Սուրբ Աթոռի Պետութիւններուն եւ Միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը ելոյթ ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի 78րդ Ընդհանուր ժողովի ծիրէն ներս գումարուած Բարձր մակարդակի քաղաքական հանդիպումի ընթացքին
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Կայուն զարգացման նպատակներու (ԿԶՆ) հայող գագաթաժողովը չպէտք է ծառայէ որպէս հարթակ վերացական յայտարարութիւններու համար, որոնք պարզապէս «կը հանգստացնեն մեր խիղճը», այլ պէտք է օգտագործուի աշխուժացնելու ջանքերը եւ արագացնելու առաջընթացը՝ «աշխարհը դէպի կայուն եւ դիմակայուն զարգացման ուղղութիւն տեղափոխելու» նպատակով։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 25 Սեպտեմբեր 2015ին ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին կատարած այս նախազգուշացումով է որ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններուն եւ Միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը սկսաւ իր ճառը՝ «Leaders’ Dialogue 6» հանդիպումին՝ նուիրուած «Ֆինանսաւորման ու ներդրումներու եւ իրականացուելիք միջոցառումներու համակեդրոնացում՝ ԿԶՆին հասնելու համար» նիւթին։

Արքեպիսկոպոսը պարզաբանեց, որ այս մէկը կը նշանակէ առարկայական գործողութիւններ ձեռնարկել մեր ժամանակի հիմնական մարտահրաւէրներուն դիմագրաւելու համար, որոնք են ի մասնաւորի պատերազմներն ու հակամարտութիւնները, աղքատութիւնն ու սովը, բռնութիւնը, կլիմայի փոփոխութիւնը ու շրջակայ միջավայրի վատթարացումը։

Ուստի, ըստ Գերապայծառ Կալլակերի, կայունութիւնն ու դիմակայութիւնը, կը պահանջեն «հեռատեսական միջոցառումներ»։ 2030 թուականի օրակարգը, սակայն, «պարզապէս աւելի շատ կենսամիջոցներու համակեդրոնացում չէ՝ յաղթահարելու համար բազմաթիւ արհեստագիտական մարտահրաւէրներ եւ հասնելու կայուն զարգացման նպատակներու», շարունակած է Սուրբ Աթոռի բարձր պաշտօնեան եւ շեշտած, որ այն նախ պէտք է պարտաւորեցնէ ստեղծելու զարգացման նոր ձեւաչափ, որուն առանցքը մարդն է եւ որն ուղղուած է համընդհանուր բարիքին ու հիմնուած արդարութեան, զօրակցութեան եւ ընդհանուր պատասխանատուութեան բարոյագիտական սկզբունքներու վրայ:

«Որպէսզի 2030 թուականի Օրակարգը մնա «յոյսի կարեւոր նշան», հարկաւոր է «անկեղծօրէն պարտաւորուիլ յանուն բազմակողմանիութեան»՝ «որպէս համաշխարհային համատեղ պատասխանատուութեան նորացուած զգացողութեան արտայայտում»՝ ողջ մարդկային ընտանիքի ներդրմամբ, եզրափակած է իր խօսքը Սուրբ Աթոռի Պետութիւններուն եւ Միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2023, 11:41