Որոնել

UN-US-DIPLOMACY-UNGA

Գերապայծառ Կալլակէր ՄԱԿի մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին

Ան իր ցաւակցութիւնները յայտնեց նաեւ Ստեփանակերտ-Ասկերան մայրուղիի յարակից տարածքին պենզինի պահեստին մէջ պատահած պայթումի զոհերու ընտանիքներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Երեքշաբթի 26 Սեպտեմբեր 2023ին Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար` Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրը ՄԱԿ-ի մէջ ունեցած իր մէկ ելոյթի ընթացքին ի միջի այլոց յիշեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ու հաստատեց, որ «Սուրբ Աթոռը կը քաջալերէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւնները, Միջազգային Հասարակութեան աջակցութեամբ, որպէսզի ամենակարճ ժամանակահատուածի մէջ նպաստէ կայուն համաձայնութեան, վերջ դնելով մարդասիրական տագնապին ու լուծելով Լեռնային Ղարաբաղի ողբերգական իրավիճակը»։

Գերապայծառ Կալլակէր ապա իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Ստեփանակերտ-Ասկերան մայրուղիի յարակից տարածքին պենզինի պահեստին մէջ պատահած պայթումին զոհերու ընտանիքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2023, 09:24