Արմատաւորել մարդու իրաւունքները անձի արժանապատուութեան մէջ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ամրապնդել մարդու իրաւունքներու արմատաւորումը «մարդկային անձի ընդհանուր եւ անօտարելի արժանապատւութեան մէջ», քանի որ այս մէկը մարդու իրաւունքներու խթանումը «կը դարձնէ միասնութեան աղբիւր» խուսափելով եսասիրական անհատականութեան եւ պառակտման զոհ դառնալու վտանգէն։ Այս միտքն արտայայտած է Ժընևի մէջ ՄԱԿի եւ մասնագիտացած հաստատութիւններու գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի նոր մնայուն դիտորդ, արքեպիսկոպոս Էթթորէ Պալեսթրերոն սեպտեմբերի 13-ին Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 54րդ նստաշրջանի՝ «Item 2» ընդհանուր բանավէճի ընթացքին իր ելոյթին մէջ։
Յիշեցնենք, որ վերջինիս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դիտորդ անուանած է անցեալ 21 Յունիսին։
Մարդու իրաւունքներու Համընդհանուր հռչակագիրի ընդունման 75ամեակը
Նկատել տալով, որ միջազգային հանրութիւնը եւ Խորհուրդը 2023 թուականին պիտի տօնախմբեն Համընդհանուր հռչակագիրի ընդունման 75ամեակը, Ճենովացի արքեպիսկոպոսը ընդգծած է, որ «մարդու իրաւունքները պարզապէս արտօնութիւն չեն ընձեռած անհատներուն միջազգային հանրութեան համաձայնութեամբ»։ Աւելի շուտ, անոնք կը ներկայացնեն «այն առարկայական եւ յաւերժական արժէքները, որոնք էական նշանակութիւն ունին մարդկային անձի զարգացման համար»:
«Նոր իրաւունքները» մեծամասնութեան ուժով օրինականութիւն չեն ստանար
«Անգամ եթէ հասարակութիւն մը կամ միջազգային հանրութիւնը հրաժարի ճանաչելէ Հռչակագիրի մէջ ներառուած մէկ կամ աւելի իրաւունքներ, անիկայ չնուազեցներ այդ իրաւունքի վաւերականութիւնը եւ որեւէ մէկուն չազատէր զայն յարգելէն»: Միւս կողմէ՝ այսպէս կոչուած «նոր իրաւունքները» օրինականութիւն չեն ձեռք բերեր «միայն այն պատճառով, որ անհատներու կամ պետութիւններու մեծամասնութիւնը կը հաստատէ զանոնք», շեշտած է Գերապայծառ Պալեսթրերոն, ըստ որուն իրաւունքներու այս սխալ հայեցակարգի ամէնէ վառ օրինակը «շուրջ 73 միլիոն անմեղ մարդկային կեանքերն են, որոնք ամէն տարի կ’ընդհատուին արգանդի մէջ՝ «վիժելու ենթադրեալ իրաւունքի» պատրուակով»։
Աջակցիլ աղքատներու համընդհանուր իրաւունքներուն
Կրկին յիշատակելով Հռչակագիրի տարեդարձը՝ Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդն ընդգծած է որ «75 տարի անց մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատերը դեռ կը տառապին պատերազմներէն, հակամարտութիւններէն, սովէն, նախապաշարմունքներէն եւ խտրականութիւններէն», ափսոսանք յայտնելով, որ շատ յաճախ կը բացակայի «եղբայրական ոգին», որուն միջազգային հանրութիւնը պարտաւորուած է ըլլալ «միանշանակօրէն հաւատարիմ»։ Ուստի, ըստ Պալեթրերոյի, տարեդարձը «կարևոր հնարաւորութիւն կու տայ անդրադառնալու այն հիմնարար սկզբունքներուն, որոնք հիմքը կը կազմեն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան»։
Արքեպիսկոպոսը ի վերջոյ ընդգծած է Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը՝ «պայքարելու միանգամեայ օգտագործման մշակոյթի դէմ» եւ աւարտած ելոյթը՝ մէջբերելով Fratelli tutti շրջաբերականէն հատուած մը, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը մեզ կը հրաւիրէ պարտաւորուիլ «ապրիլ եւ սորվեցնել ուրիշներու հանդէպ յարգանքի արժէքը, տարբերութիւններն ընդունելու ունակ սէրը, եւ իւրաքանչիւր մարդու արժանապատւութեան գերակայութիւնը իր գաղափարներու, կարծիքներու, գործելակերպի եւ նոյնիսկ մեղքերու նկատմամբ»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ