Որոնել

Աթլեթիքա Վատիկանա Աթլեթիքա Վատիկանա 

Բացումն ու օրհնութիւնը Վատիկանի մարզանքի գործնառական կեդրոնին

Հռոմի Թրասթեւերէ շրջանին Սան Քալիսթօ Պալատին մէջ, Athletica Vaticana ընկերակցութիւնը կը բանայ իր գործառնական կեդրոնը
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6,30ին, տեղի կ՝ունենայ Վատիկանի բազմամարզական ընկերակցութեան պաշտօնական գործառնական կեդրոնին օրհնութիւնն ու բացումը։

Հռոմի Թրասթեւերէ շրջանին Սան Քալիսթօ Պալատին մէջ, Athletica Vaticana ընկերակցութիւնը բացումը կը կատարէ իր գործառնական կեդրոնին ու զայն կը յատկացնէ մարզանքի աշխարհին, որպէս տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններուն պատկանող մարզիկներուն միջեւ դառնայ հանդիպումի խաչմերուկ, յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելով դիւրաբեկ անձերուն։

Մարզանքի Վատիկանի տան օրհնութիւնն ու բացումը կը կատարէ, Սուրբ Աթոռի մշակոյթի եւ կրթութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մետնոքա, որուն վերջերս Ֆրանչիսկոս Պապը նոր սահմանադրութեամբ յանձնեց նաեւ մարզանքը։

Ներառական եւ աջակցող ոճը, մարդկային եւ եղբայրական բաժնեկցութեան ծառայութիւնն ու մարզանքի այր մարդոց եւ կիներուն քրիստոնէական հեզ վկայութիւնը կը բնորոշեն Վատիկանի բազմամարզական պաշտօնական ընկերակցութիւնը, որ ճանչցուած է նաեւ իրբեւ Պապին դեսպանը «քանզի շօշափելի կերպով ճամբաներու եւ մարդոց մէջ կը վկայէ մարզանքի աջակցող դէմքը, իր մէջ ընդունելով նաեւ գաղթական ու հաշմանդամութիւն ունեցող անհատները» գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ Ալճերիոյ մէջ Միջերկրական խաղերու առթիւ յղած պատգամին մէջ։

Վատիկանի Մարզական դիւանագիտական մարմինը՝ կազմուած շուրջ 200 տղայ մարդերէ ու կիներէ իր նոր տունով կը հրաւիրէ մարզանքը ապրելու որպէս հանդիպումներուն, ընկերակցելու, բոլորին հետ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ բարեկամութեան հնարաւորութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2023, 15:07