Որոնել

Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի 

Կարդինալ Ծուփփին կը մեկնի Փեքին Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրած «Արդար խաղաղութիւն» առաքելութեան համար

Քիէվ, Մուսկուա, Ուաշինկթըն այցելելէ ետք Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահը կը շարունակէ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ իրեն յանձնուած Ուքրանիոյ մէջ լարուածութիւնները մեղմացնելու համար խաղաղութեան առաքելութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 12 սեպտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, թէ երեքշաբթի 13էն – 15 սեպտեմբեր, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը կ՝այցելէ Չինաստանը շարունակելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ իրեն յանձնուած Ուքրանիոյ մէջ լարուածութիւնները մեղմացնելու համար խաղաղութեան առաքելութիւնը։ Կարդինալ Ծուփփին անցեալ Յունիս եւ Յուլիս ամիսներ արդեն այցելած է նախ Քիեւ, Մուսկուա ապա Ուաշինկթըն։

Պոլոնիա թեմի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Մաթթէo Ծուփփին Չինաստան այցելութեան կ՝ընկերանայ Վատիկանի Պետկան քարտուղարութեան պաշտօնեայ մը։ «Չինաստանի այցելութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին ուզած առաքելութեան յաջորդ փուլը աջակցելու համար մարդասիրական նախաձեռնութիւններու ինչպէս նաեւ ուղիներու որոնման, որոնք կարող են յանգեցնել արդար խաղաղութեան» նշուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ։

Կարդինալ Ծուփփին Պերլինի մէջ Խաղաղութեան յանդգնութիւն» ձեռնարկի հանդիպումին։

Կարդինալ Ծուփփին Չինաստան կատարելիք այցելութեան պաշտօնական լուրը ստացաւ երբ Պերլինի մէջ կը մասնակցէր խաղաղութեան յանդգնութիւն» ձեռնարկին։

«Վստահաբար բոլորին աղօթքները, այս օրերուն միջ կրօնական, համամիութենական աղօթքները յաւելեալ պատճառ է խաղաղութեան պարգեւը որոնելու համար, որ  բոլորին համար պարգեւն մըն է ու բոլոր պէտք են գտնել զայն« ըսաւ կարդինալ Ծուփփին, Չինաստան կատարելիք այցելութեան պաշտօնական լուրը ստանալէ ետք աւելցնելով ,որ ինք այդ փուլը պիտի դիմակայէ «խաղաղութեան դժուար ցանցը հիւսելու» յոյսով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2023, 09:32