Որոնել

Հայր Հաննա Ժալլուֆի ձեռնադրումը եպիսկոպոս Հայր Հաննա Ժալլուֆի ձեռնադրումը եպիսկոպոս  

Հալէպ․ Ծխական քահանայ հայր Ժալլուֆ ձեռնադրուեցաւ եպիսկոպոս

Արեւելեան Եկեղեցիներու վերատեսչութեան վերատեսուչը՝ Սուրիոյ մէջ Վատիկանի առաքելական նուիրակին եւ Երուսաղեմի լատինաց պատրիարքին հետ միասին, նախագահեց Ֆրանչիսկեան միաբանութեան ծխական քահանայ հայր Հաննա Ժալլուֆին եպիսկոպոս ձեռնադրութեան պատարագին։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Կիրակի՝ 17 Սեպտեմբերին, Հալէպի տաճարին մէջ, Արեւելեան Եկեղեցիներու վերատեսչութեան վերատեսուչ, ապագայ կարդինալ, Քլաուտիօ Կուճերոթթին՝ Սուրիոյ մէջ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ կարդինալ Մարիօ Զենարիին եւ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք` Գերերջանիկ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլային (որուն անունը եւս յառաջիկայ 30 Սեպտեմբերի նոր կարդինալներու ցանկին մէջ է) հետ միասին, նախագահեց Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամ, Սուրիոյ Քնայէ գիւղաքաղաքի ծխական քահանայ, հայր Հաննա Ժալլուֆի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութեան։

Վերջինիս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անցեալ մէկ Յուլիսին անուանած էր Հալէպի Լատին ծէսի կաթողիկէներուն առաքելական փոխանորդ։

Ծիսակատարութեան մասնակցեցաւ նաեւ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը։

Հայր Ժալլուֆ Սուրիոյ Եկեղեցւոյ եւ սուրիացիներու յոյսի խորհրդանիշը կը նկատուի, քանզի չնայած 2014 թուականին Ալ-Նուսրա ահաբեկչական խումբի զինեալներու կողմէ իր առեւանգումին, ազատ արձակուելէն ետք, երբեք չի լքեց իրեն վստահուած համայնքները՝ չնայած դժուարութիւններուն, տարածքի մը մէջ, որ տակաւին կը գտնուի իսլամական ապստամբ ուժերու վերահսկողութեան տակ եւ ուր քրիստոնեաները դաժան ճնշումներու ենթարկուած են՝ մինչեւ իսկ կեանքի նկատմամբ սպառնալիքներով։

Գերապայծառ Կուճերոթթիին քարոզը

Գերապայծառ Կուճերոթթին պատարագի ընթացքին իր քարոզի մէջ նշած է, որ այդ օրը` յոյսի օր է «բոլոր կաթողիկէներու, քրիստոնեաներու եւ բոլոր սուրիացիներու համար, որոնք վաղուց ծարաւ են խաղաղութեան եւ  մարդուն արժանի կեանքի, որ բաղկացած է սէրէն, աշխատանքէն, կրթութենէն, առողջապահութեան հասանելիութենէն, հանգստութենէն; մէկ խօսքով՝ արժանապատւութենէն»։ Գերապայծառը միաժամանակ դատապարտած է Երկիրի մէջ ընթացող «ներքին և արտաքին քաղաքական պայքարները», որոնք «ստեղծած են մահ ու փախուստ, աւերածութիւն եւ թշուառութիւն», որոնք «արժանապատւութեան հանդէպ վիրաւորանք» են։

«Անիծեալ զէնքերը»

Արեւելեան Եկեղեցիներու վերատեսչութեան վերատեսուչը նկատել տուած է նաեւ, որ տարբեր կրօններու պատկանող սուրիացի ժողովուրդի խաղաղ ապրելու գաղտնիքը եղած է հանդարտութիւնը, որ սակայն խաթարուած է զէնքով եւ նոյնիսկ Աստուծոյ անունով սպանութիւններով, աւելցնելով, որ անգամ երկրաշարժը չէ խնայած Երկիրը եւ «աւերակին աւերակ աւելցուցած է»։

«Անիծեալ ըլլան զէնքերը, միայն մահուան համար ստեղծուած գործիքները: Այս ժամանակներու մէջ, որ ժամանակակից կ’անուանենք, կը շարունակենք զէնք օգտագործել ոչ թէ բնական վտանգներէն պաշտպանուելու, այլեւ յարձակելու Աստուծոյ կողմէ սիրուած այլ մարդկանց, եղբայրներու վրայ, որոնք կոչուած են կառուցելու «խաղաղութեան տունը», բարձրաձայնած է Գերապայծառը, որ քարոզը աւարտած է դիմելով հայր Ժալլուֆին․

«Դուն եւ քու ժողովուրդդ ընդունեցէք Տիրոջ այս ժպիտը որպէս հրաւէր՝ նուիրաբերելու ձեր ժպիտը, չնայած ամէն բանին... Եկեղեցին ձեզ հետ է եւ ձեր ամբողջ ժողովուրդին հետ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2023, 12:32