Որոնել

Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի 

Կարդինալ Ծուփփի «Մեզ կը հետաքրքրէ մարդասիրական խնդիրներու լուծումն ու անմեղներու պաշտպանութիւնը»

Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիին զրոյցը Il Resto del Carlino իտալական օրաթերթին հետ Մոսկուա կատարած այցելութեան մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մոսկուա կատարած այցելութենէն յետոյ, կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի, կիրակի 2 յուլիսին մասնակցեցաւ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին գաղթականներու հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած, «Գաղթականներու հարցի վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման համար» նիւթով հանդիպումին, որ նախաձեռնուած է Ֆրանչիսկոս Պապին Լամբետուզա կղզի կատարած 10 տարեդարձին առիթով։

Ուքրանիոյ ճգնաժամի կարգաւորման հարցով Ֆրանչիսկոս Պապին միջնորդ կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի վերոյիշեալ հանդիպումի ընթացքին Il Resto del Carlino օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին նշեց, թէ Վատիկանը Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան վերջ տալու համար բանակցութիւններ սկսելու սեփական ծրագիր չունի ու յառաջիկայ օրերուն, ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ ու անոր հետ պիտի անդրադառնան, Մոսկուայի առաքելութեան ընթացքին իրենց լսածին ու «Այս իսկ պատճառով դեռ չունինք նախագիծ, որ կրնայ նպաստել բանակցութիւններու մեկնարկին», ըսաւ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի աւելցնելով, որ Վատիկանը շատ շահագրգռուած է մարդասիրական խնդիրները լուծելու եւ անմեղներու կեանքը պաշտպանելու գործով»։

Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի յայտնեց, թէ չկայ խաղաղութեան ծրագիրը մը, կայ մեծ ցանկութիւն՝ բռնութիւնները աւարտելու, մարդկային կեանքերը խնայելու, սկսեալ ամենէն շատ փոքրիկներու պաշտպանութենէն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2023, 10:54