Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Վատիկանի «Քրիքէթ»ի խումբի խաղացողները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Վատիկանի «Քրիքէթ»ի խումբի խաղացողները 

Վատիկանի «Քրիքէթ»ի խումբի խաղացողներու մարզական ուխտագնացութիւնը Սպանիա

Վատիկանի մարզական խումբի մաս կը կազմեն Հռոմի Քահանայապետական համալսարաններու մէջ ուսանող շուրջ երեսուն քահանաներ եւ նորընծաներ, որոնցմէ մեծամասնութիւնը եկած են Հնդկաստանէն, Սրի Լանքայէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Սուրբ Պետրոս անուան Cricket խումբի մարզիկները 3էն-12 յուլիս 2023ին կը մեկնին Սպանիա եղբայրութեան, զօրակցութեան եւ հոգեւորականութեան մարզական ուխտագնացութիւնը կատարելու համար։

Cricket խումբի իններորդ Light of Faith շրջագայութեան չորս փուլերը պիտի հանդիսանան Ալիկանդէն, Մուսիան, Մալական եւ Գրանատան, ուր մարզիկները հանդիպումներ պիտի ունենան ընկերային, մշակութային եւ տեղական եկեղեցիներուն իրականութիւններու հետ ներգրաւելով աղքատները եւ զօրակցելով համամիութենական եւ միջ կրօնային երկխօսութիւնը նաեւ մարզանքի միջոցաւ։

Այս ծիրէն ներս Սպանիոյ մէջ նախաձեռնուած են հովուական ծառայութեան շօշափելի ծրագիրներ՝ ժողովրդապետութիւններու, բանտերու մէջ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր պահեր՝համակարգուած թեմերուն հետ վկայելու եւ կիսելու համար մարզանքի հարազատ արժէքները, յատուկէն փոքրիկներուն, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապին մարզական խումբը, Սպանիոյ տարբեր վայրերէն ներս պիտի դիմաւորուի քաղաքացիական իշխանութիւններուն կողմէ եւ յատկապէս նշանակալի պիտի դառնայ Կրանատայի թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Խօսէ Մարիա Ճիլ Թամայոին հետ հանդիպումը։

Վատիկանի մարզական խումբի մաս կը կազմեն Հռոմի Քահանայապետական համալսարաններու մէջ ուսանող շուրջ երեսուն քահանաներ եւ նորընծաներ, որոնցմէ մեծամասնութիւնը եկած են Հնդկաստանէն, Սրի Լանքայէն։ Խաղացողներուն խմբապետն է Իրլանտացի Հայր Էմոն Օ Հիկկին, որ յիշեցուց թէ իրենք«Քահանաներ են եւ ոչ cricket ի արհեստավարժներ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2023, 11:16