Որոնել

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմ  (ANSA)

«ՄԱԿ. Սուրբ Աթոռը». Ամէն բան կատարել Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան եւ քաղաքացիներու անվտանգութեան համար

Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Քաչչիայի ելոյթը ՄԱԿ-ի 88-րդ ընդհանուր նիստի ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 18 յուլիսին, ՄԱԿ-ի 88-րդ ընդհանուր նիստի ընթացքին, Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, գերապայծառ Կապրիէլէ Քաչչիա իր ունեցած ելոյթին մէջ, Սուրբ Աթոռի խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Ուքրանիոյ մէջ «արիւնալի պատերազմի» համար ու կոչ ուղղեց դադրեցնելու հակամարտութիւնը ու սկսիլ խաղաղ եւ մշտական խաղաղութեան համար բանակցութիւններուն։

Վատիկանի դիւանագէտը իր ելոյթին մէջ վերահաստատեց անցեալ 2 հոկտեմբերին, Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին՝ միջազգային կեանքի բոլոր դերակատարներու եւ ազգային քաղաքական անձնաւորութիւններուն ուղղած հրաւէրը. «Ամէն բան կատարելու վերջ դնելու համար պատերազմը»։

Գերապայծառ Քաչչիա մէջբերեց նաեւ անցեալ 30 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապին Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութեան ուղղած խօսքէն հատուած մը, որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը իսկական աղէտ մըն, ինչպէս նաեւ բոլոր պատերազմները։

Գերապայծառ Քաչչիա իր ելոյթին մէջ ապա Սուրբ Աթոռի գնահատանքը փոխանցեց այն բոլոր պետութիւններուն, որոնք հիւրընկալեցին գաղթականները խնդրելով անոնցմէ որ Փախստականները շարունակեն ստանալ մարդասիրական օգնութիւններ մինչեւ, որ կարենան իրենց արժանավայել տուները վերադառնալ։

Միջազգային ընտանիքը թող աշխատի խաղաղութեան համար

Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը շարունակելով իր խօսքը դարձեալ մէջերեց ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 30 յունիսին արտասանած խօսքը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը Միջազգային ընտանիքէն կը խնդրէ, որ դժուարութիւններու դիմաց երբեք չյանձնուիյ պատերազմի, այլ աշխատիլ խաղաղութեան համար ու այս կապակցութեամբ գերապայծառ Քաչչիա յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին Կարդինալ Ծուփփիին վստահած առաքելութիւնը, որուն նպատակն է որոնել դէպի խաղաղութեան առաջնորդող մարդասիրական ժեսթեր։

Օգտագործել բոլոր դիւանագիտական միջոցները ապահովուելու համար մարդասիրական օգնութիւններ

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը եզրափակեց իր ելոյթը փոխանցելով Սուրբ Աթոռի հրաւէրը՝ ուղղուած բոլոր կողմերուն, աջակցելու մարդասիրական ջանքերուն՝ ամոքելու համար պատերազմի հետեւանքով յառաջացած ցաւերը, հրամայական նկատելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 2 հոկտեմբերին արտասանած խօսքը, «Օգտագործել բոլոր դիւանագիտական միջոցները, նաեւ բոլոր անոնք, որոնք մինչեւ այսօր չեն օգտագործուած՝ վերջ դնելու համար այդ ահեղ ողբերգութեան»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2023, 14:05