Որոնել

2022.09.14 Accordo firmato oggi tra la Santa Sede e la Repubblica del Kazakhstan

Ուժի մէջ մտաւ Սուրբ Աթոռ - Ղազախստան լրացուցիչ համաձայնագիրը

Պայմանագիրը կը դիւրացնէ հովուական ծառայութեան գործիչներու կողմէ Ղազախստանի մէջ բնակութեան իրաւունք ձեռքբերելու գործընթացը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ  - Հայկական բաժանմունք

Համաձայն Սուրբ Աթոռի մամլոյ հաղորդագրութեան՝ 19 Յուլիսին ուժի մէջ մտաւ Սուրբ Աթոռի եւ Ղազախստանի միջեւ 14  Սեպտեմբեր 2022 ին Նուր Սուլթանի մէջ  կնքուած լրացուցիչ պայմանագիրը, որու նպատակն է դիւրացնել հովուական ծառայութեան գործիչներուն Ղազախստանի մէջ բնակութեան իրաւունք ընձեռելու գործընթացը ։

Նշուած համաձայնագիրը երկու Պետութիւններու միջեւ՝ 24 Սեպտեմբեր 1998ին կնքուած փոխադարձ յարաբերութիւններու մասին համաձայնագիրի բաղկացուցիչ  մաս կը կազմէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2023, 10:16