Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին  (ANSA)

Կարդինալ Փարոլին «Ազատել մանուկները բոլոր բռնութիւններէն, աշխատիլ աքսորուած Ուքրանացի անչափահասներուն վերադարձին համար»

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի այցելութիւնը Նեթթունօ քաղաքին մէջ գտնուող Մարիա Կորէթթի անուան սրբավայր ու այս առթիւ արտասանած պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 10 յուլիսին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին այցելեց Նեթթունօ քաղաքին մէջ գտնուող Մարիա Կորէթթիի անուան սրբավայրը։

Մարիա Թերեզա Կորէթթի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մեծարուած սրբուհի է։ Ան փոքր տարիքին զոհ դարձած է սեռային չարաշահումի։ Մարիա Թերեզա սրբադասուած է 1950ին, Պիոս ԺԲ Պապին օրով ու անոր ծիսական տօնակատարութիւնը կը նշուի լատին ծէսի համաձայն ամէն տարի 6 յուլիսին։

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, սրբավայր այցելութեան ընթացքին արտասանած պատգամին մէջ ներշնչուելով սրբուհի Կորէթթիի ողբերգական սպանութենէն կոչ ուղղեց փրկելու անչափահասները հակամարտութիւններու եւ գաղթի ողբերգութիւններէն ապա գաղթականութեան երեւոյթի վերաբերեալ հրաւիրեց միջազգային ընտանիքը նշելով  « Եթէ  անիկա որպէս ընդհանուր խնդիր դիմագրաւուի, պիտի ունենանք կարելիութիւնը աւելի արդիւնաւէտ լուծումներ գտնելու։

«Սրբուհի Կորէթիին պատմութիւնը զօրաւոր հրաւէր է մանուկները ազատելու ամէն տեսակ չարաշահումներէն, ամէն տեսակ բռնութիւններէն, երաշխաւորելու համար անոնց կեանք մը եւ բնականոն զարգացում», ըսաւ Կարդինալ Փարոլին աւելցնելով, որ «Սրբուհի Կորէթիին տօնը իսկապէս հրաւէր է ամէն ջանք թափելու անչափահասները փրկելու համար ու այսօրուան անչափահասները վաղուան ապագան են եւ կարեւոր է, որ անոնք աճին առողջ միջավայրի մէջ»

Կարդինալ Փարոլին յիշեց նաեւ Ուքրանիոյ մէջ 16 ամիսէ ի վեր պատերազմի զոհ անչափահասները. «Անոնք ողբերգական իրավիճակի մէջ կ՝ապրին։ Սուրբ Աթոռը ոչ մէջ ջանք կը խնայէ, որպէսզի բոլոր անչափահասները իրենց ծննդավայրը ու ընտանիքներուն վերադառնան»  ըսաւ կարդինալ Փարոլին հաստատելով, թէ այդ եղաւ Ֆրանչիսոկս Պապին խնդրանքը նախագահ Զելենսքիէն, անցեալ մայիս ամիս Վատիկանի մէջ ունեցած հանդիպումի ընթացքին։

Կարդինալ Ծուփփիի առաքելութիւնը

Կարդինալ Փարոլին անդրադառնալով ապա Խաղաղութեան համար, Ֆրանչիսկսո Պապին  կողմէ որպէս պատուիրակ նշանակուած Կարդինալ Ծուփփիին Ուքրանիա եւ Ռուսիա այցելութիւններուն նշեց, թէ Կարդինալ Ծուփփիին առաքելութեան կեդրոնական կէտը եղաւ Ոքրանացի մանուկներուն տուն վերադարձը ու այս առնչութեամբ Ռուսիան որոշակի բացութիւն եւ ուշադրութիւն ցոյց տուած է։« Յոյս ունինք որ ի գործ դրուին այդ բոլոր գործունէութիւնները, որոնք թոյլ կու տան իրականացնելու, կիրարկելու եւ յառաջ տանելու այս ուղեւորութիւնը» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2023, 11:28