Որոնել

Ծովու մէջ նետուած է ցանց Ծովու մէջ նետուած է ցանց  (©Mazur Travel - stock.adobe.com)

Կարդինալ Չեռնի. «Եկեղեցին կը նաւարկէ ծովու աշխատաւորներուն հետ»

Կիրակի 9 յուլիսին, ծովու նուիրուած օրուան առթիւ, Մարդկային համապարփակ Զարգացումի վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Միքայէլ Շեռնի ստորագրութեամբ լոյս տեսած պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յառաջիկայ կիրակի 9 յուլիսին կը նշուի ծովու նուիրուած օրը։ Այս առթիւ, Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ Զարգացումի վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Միքայէլ Շեռնի հրապարակեց պատգամ մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ ծովու նուիրուած օրը իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար առիթ է իրենց ուշադրութիւնը ուղղելու այն անձերուն վրայ, որոնց շնորհիւ ամէն օր կը ստանանք սննդեղէն կամ օգտագործուած ապրանքներու մեծ մասը։

Կարդինալ Չեռնին դիտել տուաւ, որ ծովու նուիրուած օրը առիթ է նաեւ աղօթելու ծովու մէջ աշխատաւորներու համար, որոնց շնորհիւ մեր առօրեայ կեանքը կ՝ապրինք եւ տնտեսութիւնը կը պահպանուի»։

Մարդկային համապարփակ Զարգացումի վերատեսչութեան վերատեսուչը պատգամին մէջ նշեց, որ կիրակի օրը Սուրբ Հաղորդութեան եւ Զատկուան շաբաթական օրն է, ու ծովու աշխատաւորները իրենց հասարակութիւններէն հեռու գտնուելով հանդերձ, եկեղեցին երբեք պէտք չէ մոռնալ աղօթելու իրենց համար ընդգծելով, որ համայն եկեղեցւոյ համար Յարութեան տօնակատարութիւնը կը նշանակէ ոչ մէկը մոռնալ։

«Առաքեալները նաւերու վրայ կը պատմէին Յիսուսի մասին եւ կը հաւաքէին իւրաքանչիւր քաղաքի նաւահանգիստէն հասարակութիւններ, որոնք ներկայ էին աշխարհի մը մէջ, որ այսօր շատ նուազ ճանչցուած է։ Ասկէ կը ծագի մարտահրաւէրը լուսարձակի տակ առնելու հոգեւոր հարստութիւններն ու նիւթական կարիքները այն խոնարհ անձերուն որոնք լքուած են մութ միջավայրի մէջ՝ մեր ընկերութիւններուն բարդ կազմակերպութիւններուն կողմէ, ինչպէս նաեւ անհաւասարութիւնները թաքցնելու որոշակի հակումէն», գրեց Կարդինալ Չեռնի։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2023, 12:16