Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Ծուփփիի առաքելութիւնը կարեւոր է, մարդասիրական գործողութիւնները խաղաղութիւն կը բերեն․ Կարդինալ Փարոլին

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը հարցազրոյց տուած է իտալական Rai հանրային հեռուստակայանի Tg1 հեռուսատալուրերու վատիկանեան լրագրող Ինիացիօ Ինկրաոյին, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուծ է աշխարհի արդիական եւ հրատապ շարք մը հարցերու
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Երեկ՝ 6 Յուլիսին իտալական Rai հանրային հեռուստակայանի Tg1 հեռուսատալուրերու ժամը 20.00ի թողարկումով հեռարձակուեց Վատիկանի Պետական Քարտուղար Փիեթրօ Փարոլինի՝ Tg1ի վատիկանեան լրագրող Ինիացիօ Ինկրաոյին հետ ունեցած հարցազրոյցը, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուեց աշխարհի արդիական եւ հրատապ շարք մը հարցերուն։ 

Միջուկային պատերազմի վտանգը

«Սառ պատերազմէն, ցաւօք սրտի, անցած ենք մաս մաս երրորդ համաշխարհային պատերազմի, ինչպէս կը սիրէ կրկնել Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը» ըսած է Կարդինալ Փարոլինը հարցազրոյցին սկիզբը եւ շեշտած, որ միջազգային հանրութեան ծիրէն ներս պառակտումները, հակադրութիւնները եւ լարուածութիւնը կը հանգեցնեն ողբերգական երեւոյթներու՝ որ են հակամարտութիւնները եւ պատերազմները, եւ, որ պէտք չէ համակերպուիլ այդ հոսանքին, այլ՝ պէտք է վերագտնել Հելսինքեան հռչակագիրի ոգին՝ վերակառուցելու համար միջազգային յարաբերութիւնները։

Կարդինալ Փարոլինը նշած է նաեւ, որ ինը պետութիւններ այսօր ունին միջուկային զէնք եւ կը թուի թէ «միտումը ոչ թէ միջուկային զինանոցներու կրճատումն է, այլ դրանց աւելացումը եւ այն, որ ներկայիս միջուկային զէնք չունեցող պետութիւնները եւս, պաշտպանական նպատակներով ձեռք կը բերեն զայն»։ Ան ընդգծած է ապա, որ այդ հարցի մէջ Եկեղեցւոյ եւ Քահանայապետի դիրքորոշումը յստակ է՝ «միջուկային զէնք ունենալն ու օգտագործելը անբարոյ է, քանի որ ատիկա կը նշանակէ մարդու ոչնչացում և աշխարհի կործանում», ուստի միակ «ուղին մարդկութեան համար այդ վտանգը վերացնել է»։

Պապի պատուիրակի առաքելութիւնը Ուքրանիա եւ Ռուսաստան

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը անդրադարձած է նաեւ Սրբազան Քահանայապետի պատուիրակ կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիի՝ Քիեւէն սկսեալ, ապա՝ Մոսկուա, խաղաղութեան առաքելութեան՝ շեշտելով, որ Ծուփփին կեդրոնացաւ առաջին հերթին մարդասիրական հարցերուն վրայ՝ գերիներու փոխանակում եւ մանուկներու հայրենադարձութիւն, որմէ ելնելով անհրաժեշտ դարձած էր Մոսկուայի հետ երկխօսութիւնը։

Ըստ Փարոլինի «ամեն բան բաւականին լաւ ընթացած է այն առումով, որ կարդինալ Ծուփփին կրցած է երկու անգամ հանդիպիլ Ռուսաստանի նախագահի ներկայացուցիչ Ուշաքովին հետ, «ինչը կը նշանակէ, որ Սուրբ Աթոռի ուշադրութիւնը, կամքը և հետաքրքրութիւնը ռուսական կողմը զգացած է։ Այժմ անհրաժեշտ է մշակել գործողութիւններ, որոնք թոյլ կու տան այդ արդիւնքները կեանքի կոչել, գուցէ ինչ-որ միջազգային կազմակերպութեան օգնութեամբ»։ Ասկէ մեկնելով Վատիկանի Պետական Քարտուղարը շեշտած է, որ նման մարդասիրական քայլերը կարող են դառնալ նաեւ դէպի խաղաղութիւն ուղիներ:

Արդար խաղաղութիւնը

«60 տարի առաջ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապի «Pacem in Terris»ը ցոյց կու տայ, որ ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը, ազատութիւնը եւ գթասրտութիւնը հիմնասիւներ են որոնց վրայ կարելի է խաղաղութիւն հաստատել: Ինչպէ՞ն պէտք է ըլլայ խաղաղութիւնը Ուքրանիոյ մէջ»։

Պատասխանելով լրագրողի այս հարցին Փարոլինը նշած է թէ․ «Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւնը, ինչպէս տարբեր անգամներ կրկնած ենք, պէտք է արդար խաղաղութիւն ըլլայ», որուն հասնելու համար պէտք է հաշուի առնել բոլոր այդ հիմնարար սկզբունքները։

«Սուրբ Աթոռը միշտ խնդրած է կիրառել միջազգային իրաւունքը: (…) Երկխօսութեան, բանակցութիւններու, արդարութեան ուղիի եւ սահմաններու ճանաչման, ժողովուրդներու ինքնորոշման, փոքրամասնութիւններու յարգանքին առնչուող բոլոր այս սկզբունքները, միջազգային իրաւունքի նիւթին մաս կը կազմեն», ըսած է Կարդինալը։

Փախստականներու հարցը

Թէ ինչ տեսակ Եւրոպա պէտք է գաղթականութիւնը դիմագրաւելու համար, Սուրբ Աթոռի բարձր պաշտօնեան նշած է, որ գաղթականութիւնը համաշխարհային մակարդակով շատ լուրջ ու մեծ խնդիր է եւ միակ ճանապարհը զօրակցութիւնն է եւ դժուարութիւնները կառավարելու գործին մէջ համատեղ յանձնառութիւն ստանձնելը։

Մերձաւոր Արեւելքի լարուածութիւնը

Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ աճող լարուածութեան համատեքստի մէջ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը մտահոգութիւն արտայայտած է իրավիճակի վատթարացման հետ կապուած եւ նշած, որ խնդրի լուծումը պետութիւններու փոխադարձ ճանաչումն է եւ կոչ ըրած է առաջին հերթին երբեք բռնութիւն չ’օգտագործել, վերականգնել երկխօսութիւնը եւ փնտռել համատեղ լուծումներ նաև Միաւորուած ազգերի կազմակերպութեան բանաձեւերու հիման վրայ, «ինչը անշուշտ խաղաղութիւն և բարգաւաճում կը բերէ ողջ տարածաշրջանին:

Կրօնի ազատութեան սպառնացող վտանգները

Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի 75ամեակի ծիրէն ներս լրագրողի տուած հարցի առնչութեամբ թէ՝ «Արդեօ՞ք «cancel culture»ը և գաղափարական գաղութացումը կը սպառնան  կրօնի ազատութեան», Պետքարտուղարը նախ հաստատած է, որ․ «Կրօնի ազատութիւնը մարդու իրաւունքներու հիմնասիւներէն մին է» ապա շեշտած, որ «այսօր փորձ կը կատարուի նեղացնել կրօնական ազատութեան շրջանակը»։

Մէկ կողմէ ականատես կ’ըլլանք պաշտամունքի վայրերուն վրայ շարունակական յարձակումներուն, միւս կողմէ՝ կ’արգիլուի, որպէսզի հաւատքն ու բարոյականութիւնը հասարակական ձայն ունենան, յարած է Կարդինալը եւ նշած, որ Հռչակագիրը իր 75ամեակի տարելիցին պէտք է վերագտնէ անոր մէջ արտացոլուած մարդու բոլոր հիմնարար իրաւունքները՝ առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնելով կրօնական ազատութեան, որ կը դպչի մարդու խիղճին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2023, 13:05