Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը տատիկներու եւ պապիկներու հետ Ֆրանչիսկոս Պապը տատիկներու եւ պապիկներու հետ  (Vatican Media)

Տարեցներու Օրուան առթիւ` մեղքերու լիակատար ներում։

Լիակատար ներում կը շնորհուի բոլոր անոնց որոնք խոստովանանքի խորհուրդի եւ աղօթքի միջոցաւ յառաջիկայ յուլիս 24ին կը մասնակցին Տատիկներու, Պապիկներու և Տարեցներու համաշխարհային օրուան առթիւն Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հրապարակուեցաւ Սուրբ Աթոռի Առաքելական Ատեանի որդեգրած հրամանագիրը, որուն համաձայն Մեղքերու լիակատար ներում պիտի շնորհուի այն բոլոր հաւատացեալ տատիկներու, պապիկներու և տարեցներուն, որոնք դրդուած զղջումի եւ եղբայրսիրութեան հոգիէն, 23 յուլիսին, կը մասնակցին  տատիկներու, պապիկներու և տարեցներու համաշխարհային օրուան առթիւ ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցած սուրբ Պատարագին կամ ալ ներկայ կը գտնուին համայն աշխարհի մէջ մատուցուած սրբազան արարողութիւններուն, կը կարդանք Սուրբ Աթոռի առաքելական բարձրագոյն ատեանին հրամանագիրին մէջ։

Ընդառաջելով Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Սուրբ Աթոռի վերատեսչութեան վերատեսուչ` Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելի խնդրանքին, Սուրբ Աթոռի առաքելական ատեանին կողմէ որդեգրուած հրամանագիրին մէջ նշուած է նաեւ լիակատար ներում կը շնորհուի այն հաւատացեալներուն, որոնք «Սերունդէ սերունդ քու ողորմածութիւնդ»բնաբանով, տարեցներուն, պապիկներուն եւ տատիկներու նուիրուած համաշխարհային օրուան ընթացքին, ֆիզիաքապէս կամ ընկերային հաղորդամիջոցներու միջոցաւ կ՝այցելեն հիւանդներուն, տարեցներուն, մոռցուածներու եւ անկարներուն։

Լիակատար ներում կը ստանան նայեւ այն տարեցները, որոնք հիւանդութեան պատճառով անկարող են իրենց տուներէն դուրս գալու ու հոգեպէս կը միանան համաշխարհային օրուան սրբազան արարողութիւններուն, շնորհելով Ողորմած Աստուծոյ իրենց աղօթքները ու իրենց կեանքի ցաւերը, նշուած է հրամանագիրին մէջ ուր աւելցուած է նաեւ, որ հաւատացեալներուն աստուածային շնորհքը հասցնելու համար, Սուրբ Աթոռի Առաքելական ատեանը քահանաներէն կը խնդրէ, որ վեհանձն հոգիով տրամադրելի դառնան, Խոստովանանքի սուրբ Խորհուրդը մատակարարելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2023, 13:55