Որոնել

Գերապայծառ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէս Գերապայծառ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէս 

Այն, ինչ որ մեզ կը փրկէ Յիսուսի Անձն է, ոչ թէ՝ վարդապետութիւնը․ Գերապայծառ Ֆերնանտէս

Աստուածաբանութիւն, որ կ’աճի եւ կը խորանայ «աստուածաբաններու միջեւ երկխօսութեան եւ գիտութիւններու եւ հասարակութեան հետ զրոյցի ընթացքին, սակայն միշտ աւետարանական ծառայութեան մէջ»: Ըստ Լա Փլաթայի արքեպիսկոպոս Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէսի, որուն Սրբազան Քահանայապետը նշանակած է Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ, ասիկա է իրեն վստահուած խնդիրը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն Անտրէա Թորնիելլին ներկայացուցած է Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան նորանշանակ Վերատեսուչ Գերապայծառ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէսի՝ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցը։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Գերապայծառ Ֆերնանտէսին այդ պաշտօնին նշանակած է մէկ Յուլիս 2023ին, որ փաստացիօրէն պիտի ստանձնէ 2023ի սեպտեմբեր ամսուայ կէսէն սկսեալ։

Ֆրանչիսկոս Պապը Հրամանագիրը ուղեկցած էր շնորհակալական նամակով։ «Պապն ինծի նախապէս իմացուցած էր, որ նշանակումի Հրամանագիրին հետ մէկտեղ կ’ուզէ նամակ յղել՝ «պարզաբանելու» իմ առաքելութեանս իմաստը։ Նամակը կ’առաջարկէ առնուազն վեց զօրաւոր կէտեր», որոնց միջոցաւ, «իմ մեկնաբանութեանս համաձայն, կ’ակնկալէ, Preedicate Evangelium Առաքելական Սահմանադրութեան կիրառումը, քանի որ կը պահանջէ, աստուածաբաններու միջեւ երկխօսութեան եւ գիտութիւններու եւ հասարակութեան հետ զրոյցի ընթացքին հասունացող, աճող, խորացող աստուածաբանութիւն՝ ի սպաս աւետարանական ծառայութեան», նշած է Գերապայծառ Ֆերնանտէսը այդ նամակի առնչութեամբ հարցազրույցին սկիզբը։

Ան ապա պատասխանելով՝  «Ի՞նչ կը նշանակէ այսօր «պահել» հաւատքը» հարցին, ըսած է, որ․ «պահել» ամենէ առաջ կ’արտայայտէ, որ «հաւատքի վարդապետութիւնը կը պահպանուի մեծցնելով անոր հասկացողութիւնը։ Նոյնիսկ այն իրավիճակը, երբ մարդ հնարաւոր է, որ բախուի հերետիկոսութեան հետ, պէտք է հանգեցնի համարժէք աստուածաբանական զարգացման, որպէսզի հասունցնէ վարդապետութեան մեր ըմբռնումը, և ատիկա է հաւատքը պահպանելու լաւագոյն միջոցը»։

«Ինչպէ՞ս հռչակել Աւետարանը  եւ ինչպէ՞ս փոխանցել հաւատքը մեր հասարակութիւններու միշտ աւելի աշխարհիկ համատեքստներէն ներս»: Այս հարցերու լուծումը, ըստ Գերապայծառին, մշակոյթի հետ երկխօսութեան մէջ անոր ողջ գեղեցկութիւնն ու գրաւչութիւնը լաւագոյնս ցոյց տալն է։

«Քրիստոնեայ ըլլալու սկիզբը բարոյագիտական որոշում մը կամ մեծ գաղափար մը չէ, այլեւ՝ հանդիպում իրողութեան մը հետ, Անձի մը հետ, որ կեանքին նոր հորիզոն եւ ատոր հետ միասին վճռական ուղղութիւն կու տայ»։ Պենետիկտոս ԺԶ Պապի «Deus caritas est» առաքելական յորդորի նախաբանի մէջ արծարծուած այս գաղափարի նշանակութեան եւ արդիականութեան առնչութեամբ նորանշանակ Վերատեսուչը նշած է, որ․ «Նպատակայարմար է յիշել այդ խօսքերը այսօր»  շեշտելով, որ «առանց կենդանի Քրիստոսի փորձառութեան, որ կը սիրէ եւ կը փրկէ, մենք չենք կրնալ ձեւաւորել մեր «քրիստոնեայ ըլլալը», «Պենետիկտոս ԺԶի այս արտայայտութիւնը մեզ կը հրաւիրէ զարգացնել հաստատուն ու հիմնաւոր աստուածաբանութիւն, բայց յստակօրէն ուղղուած ի սպաս այդ իրողութեան», հաստատած է ի վերջոյ Գերապայծառ Ֆերնանտէսը։

Նշենք նաեւ, որ երեկ՝ 9 Յուլիսին Պապը յայտարարեց 21 նոր կարդինալներու ստեղծումը յառաջիկայ 30 սեպտեմբերին, որոնց մէջ նաև՝ Գերապայծառ Ֆերնանտէսը։

 

 

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2023, 12:36