Որոնել

2019.12.13 Piazza San Pietro, Vaticano, cupola di San Pietro, Petersdom Petersplatz

Սուրբ Աթոռի ցանկութիւնն է Էմանուէլա Օրլանտիի գործին առնչուող փաստերու ճշմարտութեան բացայայտումը

«Սուրբ Աթոռը կը կիսէ Օրլանտիի ընտանիքի ցանկութիւնը՝ բացայայտելու փաստերու ճշմարտութիւնը եւ, այդ նպատակէն մղուած, յոյս կը յայտնէ, որ կ’ուսումնասիրուին հետաքննութեան բոլոր վարկածները», հաստատած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը՝ Արդարութեան Խթանողի գրասենեակ ստացուած հարցումներուն ի պատասխան։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

11 Յուլիսին իտալական հեռուստալուրերը՝ անդրադառնալով Էմանուէլա Օրլանտիի անհետացումի գործին, տարածած են տեղեկութիւն՝ որուն համաձայն Էմանուէլայի քոյրը՝ Նատալինան, տարիներ առաջ հօրեղբօր կողմէ բռնութեան զոհ եղած է, ու թէ ասոր համար Էմանուէլայի առեղծուածային անհետացումի պատճառը պէտք է փնտռուի աղջկայ ընտանիքէն ներս։

Իտալական հեռուստալուրերը այս ենթադրութիւնը հիմնած են Օրլանտիի ընտանիքի մտերիմ քահանայի մը Հռոմի դատախազութեան յանձնած նամակի մը վրայ, որ նոյնպէս հետաքննութեան առարկայ դարձած է։

Այս լուրին բուռն կերպով արձագանքած են Էմանուէլայի եղբայրը՝ Փիեթրօ Օրլանտին եւ անձամբ Նատալինան, որոնք մեղադրած են Վատիկանին՝ ճշմարտութիւնը բացայայտելու շահագրգռուածութիւն չունենալու մէջ։

Նատալինան պարզաբանած է նաեւ, որ հօրեղբայրը միայն «բանաւոր հետաքրքրութիւն» ցուցաբերած էր իրեն հանդէպ, որ սակայն հանդիպելով կոշտ ընդդիմութեան այդ մէկը վերջ գտած էր։

Մէկ օր անց՝ 12 Յուլիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունին՝ ի պատասխան Արդարութեան Խթանողի գրասենեակին ուղղուած հարցումներուն հայող յայտարարութեան մէջ, բացատրած է, որ Սուրբ Աթոռը «եռանդուն կերպով կը համագործակցի Իտալիոյ իրաւասու իշխանութիւններու հետ» եւ «ճիշտ այդ ոգիով անցեալ 19 Ապրիլին Վատիկանի դատաւորները Իտալիային փոխանցած են գործին առնչուող, գաղտնի համարուող, առկայ ողջ թղթածրարը»։

Պրունին հաստատած է նաեւ, որ Սուրբ Աթոռի «ցանկութիւնն է», որ կը համընկնէ ընտանիքի ցանկութեան, որպէսզի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ լիազօրուած այս հետաքննութեան միջոցաւ բացայայտուի «փաստերու ճշմարտութիւնը»՝ յոյս յայտնելով, որ «կ’ուսումնասիրուին հետաքննութեան բոլոր վարկածները»:

Յիշեցնենք, որ ընթացիկ տարուայ Յունուարին Հռոմի դատախազութիւնը եւս հետաքննութիւն սկսած էր 1983ի Յունիսին Վատիկանի քաղաքացի 15ամեայ Էմանուէլա Օրլանտիի՝ մինչ օրս չպարզուած անհետացումի վերաբերեալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2023, 12:06