Որոնել

Մարդկային Եղբայրութեան նուիրուած “Not alone” Համաշխարհային Հաւաքի շրջագիծէն ներս  Նոպէլեան մրցանակակիրներու ժողով Մարդկային Եղբայրութեան նուիրուած “Not alone” Համաշխարհային Հաւաքի շրջագիծէն ներս Նոպէլեան մրցանակակիրներու ժողով 

Կարդինալ Փարոլին. Քահանայապետին վիճակը լաւ է

Այս օրուան իմաստը այն է, թէ «գործնական յանձնառութիւն մը ըլլայ յաղթահարելու համար հակամարտութիւնները այդ մայր ճանապարհին միջոցաւ զոր Քահանայապետը մեզի ցոյց տուաւ «Fratelli Tutti» յորդորագիրին մէջ` եղբայրութեան ճանապարհը։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Մարդկային Եղբայրութեան նուիրուած “Not alone” Համաշխարհային Հաւաքի շրջագիծէն ներս Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, շաբաթ` 10 Յունիսի առաւօտեան մասնակցեցաւ Նոպէլեան մրցանակակիրներու ժողովին, որուն ընթացքին Ան անոնց ուղղեց ողջոյնի խօսք մը` որուն մէջ ընդգծեց թէ այսօր աշխարհը կարիքը ունի եղբայրութեան ու յոյսի։

Այս առթիւ ապա Ան հակիրճ հանդիպում ունեցաւ լրագրողներուն հետ, որոնք իրեն հարցում ուղղեցին Քահանայապետի առողջութեան մասին, ու ինք պատասխանեց թէ Քահանայապետը լաւ է ու թէ գործողութիւնը շատ լաւ ընթացաւ եւ նոյնպէս լաւ կ՛ընթանայ յետվիրահատական ապաքինման ընթացքը։

Ծիրանաւորը նշեց նաեւ` թէ մօտ օրէն ինք եւ Կարդինալ Ծուփփին, որ վերադարձաւ Ուքրանիայ կատարած առաքելութենէն, Քահանայապետին պիտի փոխանցեն առաքելութեան տուեալները։ «Առաքելութիւն մը` որ շատ յաջող ընթացաւ» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը որ ապա ակնարկեց Նոպէլեան մրցանակակիրներու հետ ժողովին յայտնելով որ «յանձնառում կայ բոլորի կողմէ աշխատելու ի սպաս մարդկային եղբայրութեան» ու աւելցուց` թէ այս օրուան իմաստը այն է, թէ «գործնական յանձնառութիւն մը ըլլայ յաղթահարելու համար հակամարտութիւնները այդ մայր ճանապարհին միջոցաւ զոր Քահանայապետը մեզի ցոյց տուաւ «Fratelli Tutti» յորդորագիրին մէջ` եղբայրութեան ճանապարհը։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2023, 13:04